Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մէջ պատարագ մատուցուած է Ս. Աստուածածինի տօնին առթիւ

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մէջ` Հաթա նահանգի Սամանտաղ շրջանը գտնուող Վաքըֆլըյին մէջ, Սբ. Աստուածածինի վերափոխման տօնի առթիւ պատարագ մատուցուած է:
Պատարագը մատուցած է Պոլսոյ հայ պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան` Աւետիս Թաբաշեանի օգնութեամբ: Պատարագին մասնակցած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ CHP) պատգամաւոր հայ Սելինա Տողան եւ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ – HDP) հայ պատգամաւոր Կարի Փայլան:
Պատրիարքի փոխանորդը օրհնած է եկեղեցւոյ մէջ բոլոր ներկայ գտնուողներուն: Պատարագէն յետոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ պատրաստուած եւ այցելուներուն բաժնուած է աւանդական հայկական հարիսա:
Լրագրողներուն հետ զրոյցին, կը գրէ ermenihaber.am-ը, Սելինա Տողան նշած է, որ կը շնորհաւորէ ողջ աշխարհի հայերը Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, մաղթելով օրհնուած բերքի առատութիւն:
«Խորհրդարանին մէջ իմ առաջին քայլս պիտի ըլլայ ապահովել ատելութեան վրայ հիմնուած յանցանքներուն հետ կապուած օրինագիծի` հնարաւորինս արագ կեանքի կոչումն ու կիրառումը: Մենք բոլորս հասարակական համերաշխութեան, եղբայրութեան եւ դրական երկխօսութեան կարիքը ունինք: Իսկ ատոր համար համապատասխան օրինական հիմք պէտք է»,- ըսած է Սելինա Տողան` աւելցնելով, որ օրէնսդիր մարմինի աշխատանքները սկսելուն պէս ինք պիտի սկսի աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: