Կայացաւ Հեռաժողով Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/Hordanan.jpg)
Սփիւռքի նախարարութեան մէջ Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցաւ հեռաժողով, որուն կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, վարչութեան աշխատակիցները:
Յորդանանի հայ համայնքէն հեռաժողովին կը մասնակցէին հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Յորդանանի յանձնախումբի ատենապետ, Ամմանի Ազգային մարզական միութեան ատենապետ, ՌԱԿ Յորդանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան, յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Յակոբեան, Կարօ Հերդեմեան (ՀՄԸՄ Յորդանանի շրջանային վարչութեան անդամ.), Յակոբ Սերփեքեան, Պետրոս Վարդանեան, Արսինէ Ջամբազեան (ՀՕՄ Յորդանանի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ), Պետրոս Ասլանեան (ՀՄԸՄ Յորդանանի շրջանային վարչութեան անդամ) եւ Մարալ Ներսէսեան (ՌԱԿ Երիտասարդական Կեդրոնական մարմնի փոխատենապետ):
Հեռաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Յորդանանի հայ համայնքէն ներս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն առնչուող հարցեր: Նշուեցաւ, որ մինչեւ տարուան վերջը համայնքէն ներս նախատեսուած է կազմակերպել Սայաթ-Նովայի 300-ամեակին նուիրուած համերգ, թեմատիկ բանախօսութիւններ, մասնաւորապէս պիտի ներկայացուի դասախօսութիւն «Խաչքարեր» խորագիրով: Մինչ այժմ իրականացուած են «Ինչպէս թուրքերը կը կեղծեն պատմութիւնը», «Աւանդական կուսակցութիւններու ծագումը», «Եկեղեցւոյ դերը Ցեղասպանութեան ընթացքին», «Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագիրները», «Մայիս 28-ի խորհուրդը» եւ այլ թեմաներով դաստիարակչական երեկոներ: Յառաջիկային պիտի իրականացուի հայկական ֆիլմերու փառատօն:
Հեռաժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան հետ կապուած հարցեր: Նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ողջունեց Յուլիսին Ամմանի Եուզպաշեան-Կիւլպէնկեան ամենօրեայ Ազգային վարժարանի 16 սաներու մասնակցութիւնը ՀՀ ՍՆ «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի 4-րդ փուլին:
Հեռաժողովի մասնակից յորդանանահայերը նշեցին, որ պիտի շարունակուի համայնքի աշխոյժ մասնակցութիւնը ՀՀ ՍՆ ծրագիրներուն: Մասնաւորապէս ս.թ. Սեպտեմբեր 25-27 Երեւանի մէջ կայանալիք «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին Յորդանանէն պիտի մասնակցի «Երեւան» երգչախումբը, որուն համայնքէն կ’ուղեկցին Յակոբ Յակոբեան եւ Մարալ Ներսէսեան, իսկ Ներսէս Ներսէսեան ս.թ. Հոկտեմբեր 5-7 Երեւանի մէջ կը մասնակցի Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովին:
Անդրադառնալով նաեւ այս օրերուն Հայաստանի մէջ իրականացուող 6-րդ Համահայկական ամառնային խաղերուն` հեռաժողովին յորդանանահայ մասնակիցները կարեւոր համարեցին նման համազգային ձեռնարկները եւ ատոնց պատշաճ լուսաբանումը:
Հեռաժողովի մասնակիցները յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Յորդանանի հայ համայնքի միջեւ ձեւաւորուած աշխոյժ համագործակցութիւնը յետագային եւս շարունակելու վերաբերեալ: