Ամուսնութեան առաջարկ` Արարատի գագաթին

Օգոստոս 6-ին Արարատ լերան գագաթին ամուսնութեան առաջարկ  եղած է:

Այդ մասին ընկերային ցանցի միջոցով  տեղեկացուցած է առաջարկի երջանիկ հասցէատէրը` Պերճուհի Կաժոյեանը: Ան լերան գագաթ  բարձրացած է իր ապագայ ամուսնու` Աարոն Քամինկսի հետ:

Պերճուհին տեղեկացուցած է, որ «այո» ըսած է իր ապագայ ամուսնուն հետ սիրով եւ արկածներով լի կեանքին:

Scroll Up