Ազնաւուր անգամ մը եւս կրցաւ նուաճել լիբանանեան բեմահարթակը…

Պայծիկ Գալայճեան «Հայերն այսօրին» կը գրէ.

Կարելի է անվարան յայտարարել, թէ հակառակ զինք շրջապատող ահազանգային քաղաքականութեան, Լիբանանի մշակութային կեանքը յաջողապէս ինքզինք գերազանցեց  այս եղանակին: Ամիսներ առաջ արդէն իսկ տոմսերու վաճառքը սպառած նկատուած համերգը յիրաւի արդարացուց ինքզինք, ապահովելով վեց հազար հանդիսատես որոնք ժամանած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէ:

Աշխարհահռչակ ծագումով հայ ֆրանսացի (իր արտայայտութեամբ) երգիչը, երգահանը, բանաստեղծն ու դերասանը, հակառակ այն իրողութեան որ ծնած է Վրաստան-Ախալցխա, իր 91 տարեկան բեղմնաւոր տարիքին, այնքան շքեղօրէն պանծացուց Պաթրունի Միջազգային ֆեսթիվալի համերգը, որ իր երգի սիրահարները ելեկտրականացած կառչած կը մնային ստեղծուած արուեստախառն մթնոլորտին:

Զուր տեղ չէ որ ֆրանսական «շանսոն»-ը բոլորժամանակներու ընթացքին մնաց անգերազանցելի, շնորհիւ Շարլ Ազնաւուրի, որ իր նմաններուն եւ իր արուեստին շնորհիւ ֆրանսական երաժշտութիւնը հասցուց դասականարուեստի գագաթնակէտին: 1946-էն մինչեւ այսօր ան համերգներով շրջագայած ու համաշխարհային առաջնակարգ համերգասրահներու մէջ ելոյթ ունենալով հպարտօրէն արտայայտուած է իր հայկական ծագման մասին: Երախտագիտութեան ազնիւ զգացումներով ան բարձրաձայնած է իրհայու ինքնութեան ու  իր հայկական արմատներուն՝ ինչպէս, Էրզրումցի հօր ու իզմիրցի մօր դաստիարակութեան մասին:

Մտաւորականութիւնը յաճախ արտայայտուած է, եթէ սիրոյ լեզուն ֆրանսերէնն է, ապա աղօթքի լեզուն անպայման հայերէնն է: Իսկ համաշխարհային ճանաչում ունեցող արուեստագէտներ յաճախ արտայայտուած են, թէ «շանսոն»ի մայրենի լեզուն ֆրանսերէնն է, ապա մեր պարագային՝ շանսոնի արքան ՀԱՅ է:

Ազնաւուրի մեկնաբանութիւններու շտեմարանը հարուստ է իր ստեղծագործած 1000-է աւելի երգերով, որոնց ընդմէջէն  գլուխ գործոցներ կարելի է համարել «Լա Պոեմ»-ը, «Աւէ Մարիա»-ն, «Մամա»-ն, «Իզապէլ»-ն ու «Երկու Կիթար» երգերը, որոնք մեծ յափշտակութեամբ ունկնդրուեցան Պաթրունի փառատօնի ընթացքին: Երեկոյթի մթնոլորտէն ներշնչուած ու զգացուած, զիս այնքան աւելի կը յուզէին երբ ականատեսը կ’ըլլայի շուրջ բոլորս գտնուող լիբանանցի (արաբ) ունկնդիրներուն, որոնք խոր ապրումներով կ’ընկերակցէին ՄԵՐ «շանսոնիէ»-ին՝ յատկապէս «Այս է Վերջը», «Դեռ Երէկ» եւ «Ճահելութիւն» երգերու ընթացքին:

Ազնաւուր խորհրդանիշ՝ Հայոց Մեծ Եղեռնին….

1988-ի հայոց մեծ աղէտ՝ երկրաշարժէն ետք, Ազնաւուր բազմաթիւ անգամներ այցելեց Հայրենիք ու գտնուեցաւ աղէտի գօտիի շրջանները: Իր այցելութիւնը մեծ արձագանգ ունեցաւ թէ՛ հայրենի եւ թէ միջազգային մամուլին մէջ, ընդ որում ան յաջողեցաւ աշխարհին ստիպել, որ իր հայեացքները ուղղէ դէպի Հայաստան: Այնուհետեւ Ֆրանսայի մէջ հիմնադրած «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը, որ անսակարկօրէն օգնութեան  կը հասնէր երկրաշարժէ տուժածներուն:

Արդարեւ, անցնող շաբաթավերջին, լիբանանահայ հանդիսատեսը՝ որ արտորանքով ու մեծ համբերութեամբ կ’ակնկալէր որ Հայոց Ցեղասպանութեան 1ՕՕ-րդ տարելիցին առիթով մեր ժողովուրդի մեծագոյն «շանսոնիէ»-ն  գէթ մեկնաբանէր «Անոնք Ինկան», կամ հպանցիկ ակնարկ մը կատարէր մարդկային պատմութեան մեծագոյն ցեղասպանութեան նկատմամբ, սակայն ներկայ հայ հանդիսատեսը բաւարարուեցաւ սրահէն բաժնուիլ, իր ազգին հպարտութիւնն ու հայու տաղանդին խորհրդանիշը հանդիսացող Ազնաւորին (Վաղինակ Ազնաւուրեանին), 9-1ամեայ երգիչին լիբանանեան բեմահարթակին վրայ ունեցած կեանք մը արժող մեծագոյն յաջողութեամբ:

Scroll Up