Շնորհաւորական Այցելութիւն Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարք-կաթողիկոսին

Երկուշաբթի,  27  Յուլիս 2015-ի  յետմիջօրէին,  Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Շրջանակային Յանձնաժողովը եւ  Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական  Վարչութիւնը  ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը ՝  Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպիր, Կրթական Յանձնախումբի   ատենապետուհի Սիլվա  Լիպարիտեան,  Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն  Չերչեան, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ  Արթիւր Գունտաքճեան եւ  Շահան Սեմերճեան, շնորհաւորական այցելութիւն մը  տուաւ  Զմմառ,  Հայ  Կաթողիկէ  պատրիարքութեան:  Պատուիրակութիւնը  շնորհաւորեց նորընտիր  պատրիարք-կաթողիկոս  Գրիգոր-Պետրոս  Կապրոյեան  20-րդը՝ անոր մաղթելով  աշխատանքային  յաջողութիւն եւ  քաջառողջութիւն:

Scroll Up