Թուրքիայէն աշխարհահռչակ հայ ոսկերիչի անհաւանական զարդերը` լուսանկարներով

Live Master ռուսաստանեան ժամանցային աղբիւրը անդրադարձած է «Մատանիներու տիրակալին»` Թուրքիայէն հայ հանրայայտ ոսկերիչ Սեւան Պիչաքչիին, կը գրէ tert.am-ը:
Պիչաքչին կը համարուի Թուրքիոյ ու աշխարհի ամենայայտնի եւ ամենավարպետ, ինչպէս նաեւ` ամենայաջողակ ոսկերիչներէն, որուն համար ալ հէնց անոր կ’անուանեն «Մատանիներու տիրակալ», չնայած կը ստեղծէ ոչ միայն մատանիներ:
Ծնած է 1972-ին, Սեւան ոսկերչութեամբ կը զբաղի սկսած 12 տարեկանէն, աշակերտած է յայտնի ոսկերչագործ Յովսէփ Չաթաքին: Իր առաջին ինքնուրոյն հաւաքածուն թողարկած է 2002-ին: Ան մինչ օրս ալ կը շարունակէ աշխատիլ Սթամպուլի Մեծ շուկայի հին արհեստանոցին մէջ: Պիչաքչիի մօտ կ’աշխատին 95 այլ ոսկերիչներ եւ տարեկան կը ստեղծուի մօտ 350 ոսկերչական զարդ: Իւրաքանչիւր զարդի վրայ աշխատանքը կրնայ տեւել քանի մը շաբաթէն մինչեւ քանի մը տարի: