Արաբ երգիչը տեսահոլովակ նկարահանած է Երեւանի մէջ
Արաբ երգիչ Ուալիտ ալ Շամիի նոր «Մապրուք լիլ հուզն» (թարգմ. «Շնորհաւոր տխրութիւն») վերնագիրով երգի տեսահոլովակը ամբողջութեամբ նկարահանուած է Երեւանի մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով «Խապար Արմանի» արաբալեզու կայքը, երգը որեւէ կապ չունի հայերու հետ:
Այն առաջին երգն է, որ Ռոթանա ընկերութիւնը նկարահանած է Հայաստանի մէջ: Տեսահոլովակին մէջ կը ցուցադրուին տեսարաններ Հանրապետութեան հրապարակէն, հրապարակին վրայ գտնուող պարող շատրուաններէն, Գառնիի տաճարէն: