Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդը այցելած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիահայ փախստականները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/aram_at.jpg)
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան այցելած է Թուրքիոյ Սուրուչի շրջանին մէջ սուրիացի փախստականներու վրանային քաղաքը:
ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ թրքական «Aktifhaber» լրատուական կայքը կը տեղեկեցնէ, որ ճամբարին մէջ, ուր ապաստանած է 35 հազար սուրիացի փախստական, Աթէշեան հանդիպած է Թովմասեան ընտանիքին հետ, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան յարձակումէն յետոյ գաղթած էր Քոպանիէն:
Աթէշեան յայտնած է, որ Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան պատկանող վրանային ճամբար այցելած է, երբ իմացած է ճամաբարին մէջ 3 հայ ընտանիքի գտնուելու մասին: Ան ճամբար այցելած է անոնց անձամբ հանդիպելու եւ ծանօթանալու անոնց վիճակին: Աթէշեան յայնտած է նաեւ, որ ցանկութիւն ունեցած է կապ հաստատելու տեղական ղեկավարներուն հետ` իմանալու, թէ ինչով կրնան օգտակար դառնալ:
«Առանց ցեղային եւ դաւանական խտրականութեան ձեռք ձեռքի տուած այստեղ ապաստանած մեր եղբայրներու խաղաղութութեան եւ երջանկութեան համար հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընենք: Ի հարկէ, եկած եմ հայ համայնքին համար, կը մտածենք, թէ ինչ կրնանք ընել երեխաներուն համար»,- ըսած է արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Պատրիարքի փոխանորդը հանդիպած է նաեւ Շանլըուրֆայի (պատմ. Եդեսիա) նահանգապետ Իզեթթին Քիւչուքի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած ճամբարին մէջ ապաստանածներուն նկատմամբ ցուցաբերող հոգատարութեան համար: Ան նահանգապետին տեղեկացուցած է, որ ճամբարին մէջ կայ 18 հոգիէ բաղկացած 3 հայ ընտանիք: