Սուրիոյ բանակի հիմնադրման մէջ մեծ դեր ունեցած է հայ սպայ մը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/download.jpg)
Արամ Գարամանուկեան առաջին սպաներէն մէկն էր, որոնք հիմնեցին Սուրիական բանակը, 1946-ին՝ անկախութենէն ետք։
Արամ Գարամանուկեան նշանակուած է Սուրիոյ սպայակոյտի անդամ եւ մասնակցած Իսրայէլի դէմ Պաղեստինի պատերազմին, իբրեւ հրաձգային գունդի հրամանատար:
1957-ին պաշտպանութեան նախարարի կողմէն արժանացած է (կեներալ-մայոր) զօրավար տիտղոսին: Անկէ ետք ան նշանակուած է իբրեւ Ուաշինկթընի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան Ռազմական կցորդ:
Արամ Գարամանուկեան Սուրիական կառավարութեան կողմէ արժանացած է պատուոյ շքանշաններու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ «Պատուոյ Սպայ» եւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ «Ասպետ» շքանշաններու:
Մահացած է Նիւ Եորք 1996-ին: Ան՝ մահէն առաջ կտակած է, որ իր աճիւններէն մաս մը տեղափոխեն Երեւան, իսկ միւս մասը Հալէպ… եւ այդպէս ալ եղաւ:
Արամ Գարամանուկեանի եղբօր որդին Շահէն Գարամանուկեանը “Հայերն Այսօր”-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաւաստիացուց, որ Արամ Գարամանուկեանի գերեզմանը ե՛ւ Երեւանի, եւ Հալէպի մէջ կը գտնուի։ Այդ կտակով Գարամանուկեան ըսել ուզած է` «Ինչքան Հայ եմ նոյն չափով ալ Սուրիացի եմ»: