ՄԻԵԴ-ը Հրապարակած Է Արցախի Վերաբերեալ Երկու Դատավճիռ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Մեծ պալատը 16 Յունիսին հրապարակած է «Չիրագովը եւ միւսները ընդդէմ Հայաստանի» եւ «Սարգսեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի» երկու գործերով վճիռները՝ համապատասխանաբար Լեռնային Ղարաբաղի Բերձորի շրջանէն ազգութեամբ քիւրտ Չիրագովներու ընտանիքի եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղէն Սարգսեաններու ընտանիքին կողմէ բարձրացուած։ Անոնք կը պահանջէին իրենց տուները վերադառնալ եւ ունեցուածքին տիրանալու իրաւունքները վերականգնել կամ արդար փոխհատուցում ստանալ: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:
Երկու գանգատները դատարանին ներկայացուած էին 2005 եւ 2006 թուականներուն: Որպէս Չիրագովներու գործով պատասխանող կողմ՝ ՄԻԵՏ-ը հրաւիրած էր Հայաստանը:
Երկու ընտանիքները դատարանէն կը պահանջէին վերականգնել իրենց նախկին ունեցուածքին նկատմամբ իրաւունքները, որոնք խախտած էին 1992-1994 թուականներուն պատերազմին իբրեւ հետեւանք, երբ 1992-ին անոնք ստիպուած եղած էին լքելու իրենց տուները, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք անոնց կարելիութիւն չէր տրուած վերադառնալու նախկին բնակութեան վայրերը։
Դատարանը բաւարարած է կողմերուն պահանջները եւ պարտաւորեցուցած Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հետամուտ ըլլալու երկու ընտանիքներու խախտած իրաւունքներու վերականգնման։ ՄԻԵՏ-ը նաեւ ճշդած է, որ այս երկու գործերով տրուած վճիռները ուղենշային պիտի ըլլան այս խնդիրին առնչութեամբ հետագային ստացուելիք գանգատներուն վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու ատեն:
Չիրագովները դատարանէն կը պահանջէին իրենց կորսնցուցած ունեցուածքին համար Հայաստանէն գանձել՝ իբրեւ վնասներու փոխհատուցում, 7.9 միլիոն եուրօ:
Սարգսեանները Ատրպէյճանէն կը պահանջէին շուրջ 570,000 եուրօ՝ իբրեւ փոխհատուցում:
Դատարանը այս հարցին վերաբերեալ վճիռի կայացումը յետաձգած է 12 ամիսով՝ կողմերուն կարելիութիւն տալով բանակցութեան միջոցով սահմանել երկուստեք ընդունելի փոխհատուցման չափը:
ՄԻԵՏ-ի Մեծ պալատը Չիրագովներու դատին գծով նաեւ սահմանած է, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ ունի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական զգալի ազդեցութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի վրայ «կը կատարէ արդիւնաւէտ վերահսկողութիւն», հետեւաբար Հայաստանը պատասխանատուութիւն կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրաւախախտումներուն համար:
ՄԻԵՏ-ի մէջ Հայաստանէն ընտրուած (նախկին) դատաւոր Ալվինա Գիւլումեան ներկայացուցած է յատուկ կարծիք: Յատուկ կարծիքներ ներկայացուցած են նաեւ չորս դատաւորներ:
ՄԻԵՏ-ի Մեծ պալատին վճիռները բեկանման ենթակայ չեն եւ կը փոխանցուին ԵԽ Նախարարներու կոմիտէին՝ անոնց գործադրութեան հսկելու նպատակով։