Քամփ Արմէն. Կոչ համայն հայութեան` միանալու Թուրքիոյ մէջ հայկական որբանոցի ոչնչացման դէմ պայքարին

Թէեւ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւոր Մարգար Եսայեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ խոստացած էր, որ Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քամփ Արմէն» հայկական որբանոցի սեփականութիւնը կը վերադարձուի հայկական կողմին, սակայն այդ ուղղութեամբ դեռ որեւէ բան չէ ձեռնարկուած, կը գրէ yerkir.am-ը:

Պատահական չէ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ «Նոր Զարթօնք» հայկական միութիւնը յայտարարութիւն  տարածած էր` նշելով, որ, ըստ երեւոյթին, հայկական որբանոցի անունը Եսայեան օգտագործած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն տուեալ կուսակցութեան քարոզարշաւը իրականացնելու համար:

Որբանոցի ոչնչացման դէմ պայքարի մասնակիցները, սակայն, կը շարունակեն գիշերել որբանոցին մէջ եւ կազմակերպել տարբեր ձեռնարկներ` կանխելու որբանոցը ոչնչացնելու հնարաւոր հերթական փորձը: Անոնք նաեւ իրենց աջակցելու կոչ կ’ուղղեն համայն հայութեան:

«Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան գործիչները եւ «Քամփ Արմէն» համերաշխութեան շարժման անդամները 19 օր շարունակուող նստացոյց կ’իրականացնէին` պահանջելով դադրեցնել շէնքի քանդումն ու վերադարձնել որբանոցը իրական տէրերուն: Մայիս 24-ին «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութենէն Ալեքսիս Քալք յայտարարած է, «Քամփ ԱրմԷն»-ը պիտի նուիրաբերուի Կետիկ փաշա շրջանի հայ բողոքական եկեղեցւոյ եւ դպրոցական հիմնադրամին: «Մենք կը հետեւինք սեփականութեան անցումային գործընթացին եւ մեր շարժումը կը շարունակուի, մինչեւ աւարտէ ողջ պաշտօնական գործընթացը», – ըսած է  Քալք:

Ճամբարին մէջ մեծցած գործիչներն ու հայ որբերը յայտնած էին իրենց ցանկութիւնը, որպէսզի ճամբարը կրկին ծառայէ հայ որբերուն: «Քամփ Արմէնը» կառուցուած է 1915 թ. ցեղասպանութենէն յետոյ: Որբանոցի շէնքի կառուցման ժամանակ աշխատած են իրենք` որբ երեխաները: ճամբարը օգնած է հայերուն պահպանել իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն, որովհետեւ այդ ժամանակ հայ երեխաներուն համար չկար որեւէ հասանելի դպրոց: Յայտարարուած էր, որ հին շէնքը պիտի վերանորոգուի եւ օգտագործուի իբրեւ մանկատուն 150 հայ երեխաներու համար:

 

Scroll Up