Վիրահայոց թեմի երիտասարդ կամաւորները մասնակցեցան քաղաքի մաքրման աշխատանքներուն

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեանի եւ Թեմի երիտասարդական բաժինի տնօրէն Վալերի Բադալեանի նախաձեռնութեամբ` Թիֆլիսահայ երիտասարդներու կազմով կամաւորական ջոկատը, 2015 թուականի Յունիս 15-ին մասնակցեցաւ բնական աղէտի հետեւանքներէն քաղաքի մաքրման աշխատանքներուն: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վիրահայոց թեմէն:
Առաւօտեան ջոկատը մասնակցեցաւ Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար հոգեւոր սպասաւորներ Տէր Սամուէլ քահանայ Թորոսեանի եւ Տէր Նարեկ քահանայ Ղուշչեանի կողմէ կատարուած հոգեհանգստեան արարողակարգին: Այնուհետեւ կամաւորները զինուած բահերով եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներով, ոտքով հասան ողբերգութեան վայր` Թիֆլիսի Հերոսներու հրապարակ եւ Լագունա Վերէի տարածք ու ձեռնամուխ եղան մաքրման աշխատանքներուն: Գործիչները ցեխէն ու տիղմէն մաքրեցին տարածքը, մասնակցեցան ճանապարհը բանալու գործին: Երիտասարդները աշխատեցան ամբողջ օրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու իրենց մասնակցութիւնը բարեգործական գործողութեան:
Յիշեցնենք, որ 2015 թուականի Յունիս 14-ի գիշերը Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած զարհուրելի ողբերգութեան հետեւանքով զոհուածներու թիւը, վերջին տուեալներով հասած է 15-ի, ընդ որում չորսը հայ Վրաստանի քաղաքացիներ են` Լիանա, Ժաննա եւ Սուետլանա Եղիազարովաներ եւ Նանա Թիլիշուիլի-Եղիազարովա: Անյայտ կորածներու թիւը կը հասնի 9-ի: Անօթեւան մնացած է 24 ընտաիք: Որոնման աշխատանքները կը շարունակուին: