ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալպանտեան ընդունեց Իրանի մէճլիսի Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը

Յունիս 12-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Իրանի խորհրդարանի Իրան-հայաստան բարեկամութեան խումբի ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը` խումբի ղեկավար Ալի Քաիդիի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալպանտեան բարձր գնահատեց հայ-իրանական բարիդրացիական յարաբերութիւնները` կարեւորելով պարբերական քաղաքական երկխօսութիւնը ինչպէս գործադիր իշխանութիւններու, այնպէս ալ խորհրդարաններու մակարդակով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Իրանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավարը Էդվարդ Նալպանտեանին փոխանցեց մէճլիսի նախագահ Ալի Լարիճանիի ողջոյնները: Ան նշեց, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ դարերու պատմութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները լաւ հիմք կը ստեղծեն տարբեր բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան զարգացման համար:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւորեցին միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման գործի մէջ:

Նախարար Նալպանտեան երախտագիտութիւն յայտնեց իրանահայ համայնքի եւ Իրանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ երկրի իշխանութիւններու հոգատար վերաբերումի համար: Այս առումով Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւորեց Իրանի խորհրդարանէն ներս իրանահայ պատգամաւորներու ներկայութիւնը:

Ալի Քաիդին ներկայացուց Իրանի մէճլիսի դիրքորոշումը Իրանի միջուկային ծրագրի, անոր շուրջ ընթացող բանակցութիւններու վերաբերեալ:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին շարք մը հրատապ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։

Scroll Up