Կլենտէյլի հիւանդանոցը հայկական հիմնադրամին 22 հազար տոլար նուիրած է

Կլենտէյլի “Dignity Health Glendale Memorial Hospital” հիւանդանոցն ու հաստատութեան հիմնադրամը Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) տեղական կառոյցին 22 հազար դոլար նուիրած է` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման առիթով: Այս մասին ըստ News.am-ի` կը գրէ տեղական “Glendale News-Press” պարբերականը:
Նուիրատւութիւնը կատարած են հիւանդանոցի աշխատակիցները: Հիւանդանոցի հիմնադրամի փոխնախագահ Ուէյն Էրրոնի խօսքով, նախապէս ինքը կը մտած էր, որ ընդամէնը մի քանի հազար տոլար կը հաւաքուի: “Եթէ բարեգործութեամբ կը զբաղիք, եթէ կը յուզէք մարդոց սրտերը, անոնք կարձագանգեն”,- աւելցուցած է Էրրոնը:
ՀՕՄ-ի տեղական մասնաճիւղի նախագահ Միգանուշ Մելքոնեանի խօսքով, նուիրաբերուած միջոցները կ’օգնեն վճարել Կլենտէյլի բնակիչներուն մատուցուող հոգեկան առողջութեան պահպանման ծառայութիւններու համար: Ան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւանդանոցին նուիրատւութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման լրացուցիչ ջանքերուն համար: