Թրբանճեանները Կը Հիւրընկալեն Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Տնօրէնը

Մայիս 15ին, տէր եւ տիկին Ճերի եւ Փեթ Թրբանճեանները իրենց բնակարանին մէջ հիւրընկալեցին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանի ի պատիւ ընթրիք մը, ներկայութեամբ 72 հիւրերու՝ ներառեալ Թրբանճեան ընտանիքի անդամները եւ համալսարանի հոգաբարձական կազմը։
Ընկերային պահէն եւ ընթրիքէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ Լերի Փից բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ներկայացուց դոկտ. Տէր Կիւրէղեանը։
Համալսարանի տնօրէնը արտայայտուեցաւ նորագոյն զարգացումներուն մասին, նշելով, որ համալսարանը ներկայիս 1200 ուսանող ունի ու քանի մը տարիէն կարելի պիտի ըլլայ այդ թիւը կրկնապատկել։ «Այժմ սկսած ենք կառուցելու արհեստագիտութեան նոր կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ ուսանողներու եւ դասախօսներու յատուկ հաւաքավայրեր ու բացօթեայ հանդիսասրահ մը։ Համալսարանի ապագայ ընդարձակման նպատակով, սկսած ենք համալսարանի կից տարածքները գնելու կարելիութիւններ քննելու։ Համալսարանին կը մնայ ներդրումի լաւագոյն ընտրանքը, որովհետեւ որակաւոր ապագայ ղեկավարներ պատրաստելով, դրական փոփոխութեանց կ՛առաջնորդենք երկիրը», ըսաւ ան։
Ապա, տնօրէն Տէր Կիւրէղեան ծերակուտական Տայան Ֆայնսթայնի դրուատիքը փոխանցեց Թրբանճեաններուն, համալսարանին ի նպաստ անոնց կատարած յատկանշական յատկացումներուն կապակցութեամբ։ Նաեւ, Ալպերթ Պոյաճեանին յանձնուցաւ ծերակուտական Ֆայնսթայնի շնրհաւորական հռչակագիրը, հայութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին ի նպաստ անոր բարերարութեան համար։
Իր կարգին, համալսարանի զարգացման յանձնախումբի նորանշանակ ատենապետ Էտըմ Քապլեանեան տեղեկութիւններ փոխանցեց բարեկարգումներու նորագոյն արշաւին մասին եւ բեմ հրաւիրեց համալասարանի զարգացման եւ արտաքին յարաբերութեանց գծով փոխտնօրէն Լորէյն Ալեքսանտըրը, որ լուսարձակի տակ առաւ Սփիւռքի ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան վրայ համալսարանին ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը։
Աւարտին, դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան եւ Լերի Փից Թրբանճեաններուն նուիրեցին Գագիկ Ղազանճեանի մէկ գծագրութիւնը, որուն համար Ճերի Թրբանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց, միաժամանակ դրուատելով դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի եւ համալսարանի իրագործումները։
Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան համալսարանի հիմնադիրներէն մէկն է, դոկտ. Միհրան Աղպապեանի եւ յանգուցեալ Ստեփան Քարամարտեանի կողքին։ Ան կը հանդիսանայ համալսարանի չորրորդ տնօրէնը եւ կը գլխաւորէ համալսարանին 25-ամեակին առիթով ու համալսարանի ապագան երաշխաւորելու նպատակով՝ 50 միլիոն տոլարի հիմնադրամ մը գոյացնելու արշաւը։
Asbarez