Փեթերզպուրկցի Երիտասարդ Արուեստագէտները Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Աշխատանքներ Ներկայացուցած են

Հայոց Ցեղասպանութեան թեման փեթերզպուրկցի երիտասարդ արուեստագէտները պատկերած են գեղարուեստական աշխատանքներու մէջ:
Ըստ 1tv.am-ի փոխանցման` քաղաքի Գեղարուեստաարդիւնաբերական ակադեմիայի բոլոր բաժանմունքները մասնակցած են «Ընդդէմ ցեղասպանութեան, պատերազմի եւ ահաբեկչութեան» խորագիրով ցուցահանդէս-մրցոյթին:
Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով պիտի կայանան նաեւ երաժշտական ձեռնարկներ: