Երեւանէն Թռիչք Առած «Միտըլ Իսթ»ի Օդանաւը Ստիպողական Վայրէջք Կատարած Է

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2015-ի  գիշերը լիբանանեան MEA ընկերութեան օդանաւի Երեւան-Պէյրութ թռիչքի ժամանակ աննախընթաց դէպք մը պատահած է:

Ըստ «Ռակ մամուլ»-ի, երէկ գիշեր «Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Պէյրութ ուղեւորուած  օդանաւը, խանգարումի մը պատճառով թռիչքէն կէս ժամ ետք վերադարձած է Երեւան: Օդանաւը անակնկալ, ստիպողական ու դժուարին վայրէջք մը կատարելով ուժգնութեամբ օդակայանի գետնին բախած է:

Բարեբախտաբար ճամբորդները անվնաս դուրս եկած են անկէ: Դէպքէն ետք MEA յատուկ օդանաւ մը ղրկած է Երեւան ճամբորդները Պէյրութ բերելու համար:

Scroll Up