Փասատինայի Հայ Շրջանաւարտներու Ի Պատիւ Հանդիսութիւն

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Մայիս 20ի երեկոյեան, քաղաքի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի հանրային երկրորդական վարժարաններու հայ շրջանաւարտներու գնահատանքի 26րդ տարեկան հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Խօսք առին քաղաքապետութեան ու կրթական մարզի ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտները արժանացան նուէրներու: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը: Գլխաւոր բանախօսն էր Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան:
Գնահատանքի եւ օրհնութեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, առաջնորդ սրբազանը անոնց ուշադրութեան յանձնեց, որ իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն ջանքերով իրենց մատուցուած գիտելիքները ամուր հիմնաքար պիտի դառնան եւ զիրենք պիտի առաջնորդեն կեանքի ուղիներուն մէջ, սկսելով բարձրագոյն ուսման յառաջիկայ հանգրուանէն: Ան շրջանաւարտները խրախուսեց, որ ձեռք բերած գիտելիքները, իրենց փոխանցուած արժէքները եւ ձիրքերը օգտագործեն ոչ միայն անձնական կեանքի մէջ, այլ նաեւ զանոնք ի սպաս դնեն մեր հաւաքական կեանքին: «Աստուած ձեզմէ իւրաքանչիւրը օժտած է յատուկ ձիրքերով ու տաղանդներով, որոնք ձեզ կարող կը դարձնեն թանկարժէք ներդրում ունենալու մարդկային ընկերութեան մէջ: Առաւելագոյնս օգտագործեցէք զանոնք, ձեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին, վստահելով Աստուծոյ, որ միշտ կը հսկէ ձեր քայլերուն եւ հովանի է ձեզի», ըսաւ առաջնորդը:
Աւելին, սրբազանը աշակերտները յորդորեց մտահան չընել իրենց ազգային պատկանելիութիւնը եւ մասնակցութիւն բերել հայութեան կեանքին, սկսելով Ցեղասպանութեան 100ամեակի այս հանգրուանէն եւ միշտ՝ յառաջ մղելու համար մեր արդար Դատը, որովհետեւ «մենք կը վստահինք մեր երիտասարդութեան եւ ապահով ենք, որ երիտասարդները պիտի առաջնորդեն մեր ժողովուրդի յառաջիկայ քայլերը»:
Առաջնորդը գնահատեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, որոնք տարիներէ ի վեր կը շարունակեն այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, ինչպէս նաեւ օրհնեց տնօրէններն ու դաստիարակները, նոր սերունդին հոգեմտաւոր աճումին իրենց հոգածութեան համար:

Այս մասին յայտնած է Ասպարէզ:

Scroll Up