Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով՝ Պաթումի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ Օծուած է 2 Խաչքար

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով՝ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակէ իրականացնել յիշատակի եւ ոգեկոչման երթեր: Այս մասին կը հաղորդէ 1tv.am-ը։

Բաթումին անմասն չէ մնացած այդ արարողութիւններէն: Այնտեղ իրականացած են շարք մը ձեռնարկներ, որոնք կազմուած են Աճարիայի յանձնաժողովին կողմէ: Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ օծուած է 2 խաչքար, որոնցմէ մէկը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, իսկ միւսը` հայ-վրացական բարեկամութեան: Այսուհետեւ Վրաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկները պիտի իրականացուին այդ խաչքարին մօտ:

Պաթումիի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է նաեւ Սուրբ պատարագ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Անիկա աւարտած է խորհրդանշական 19:15-ին, այնուհետեւ հնչած է զանգերու 100 ղօղանջ: Ձեռնարկներուն եւ երթերուն ներկայ եղած են Աճարիոյ մէջ բնակող հայեր, ինչպէս նաեւ վրացիներ: Անոնց կողքին եղած է նաեւ Պաթումիի քաղաքապետ Գէորգի Երմակովը:

Scroll Up