«Genealogy»-ի եւրոտեսիլեան բեմադրութեան խորհուրդը

«Genealogy» խումբի Ֆէյսպուքեան էջը կը գրէ.
Մութ անտառ է, ուր մեր մասնակիցները հայեացքով լոյս կը փնտռում… Հայ ժողովուրդն ալ, անցնելով պատմութեան դժուարին քառուղիներով, կը փնտռէ այդ լոյսը…
Զօրաւոր քամի, փոթորիկ, որ կը խորհրդանշէ մեր պատմութեան դաժան դրուագները… Բայց, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ծառը կը մնայ կանգուն, ինչպէս հայը` ամուր, միասնական… Որեւէ քամի չի կրնար մեզ տեղահանել եւ կտրել մեր արմատներէն…
Իսկ վերջին դրուագը կը խորհրդանշէ աշխարհով մէկ սփռուած 13 միլիոն հայերը…