Յատուկ Լիբանանի Կաթողիկէ Անգլիախօս Վարժարաններու Աշակերտութեան Համար՝ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Հայ ժողովուրդին համար 2015 թուականը շատ կարեւոր թուական մըն է այն առումով, որ հարիւրամեակն է մեր ազգի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական եւ դառնալից հատուածը համարուող Հայոց Ցեղասպանութեան: Առ այդ, հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, տարբեր միջոցառումներով նշեցին Մեծ Եղեռնի տարելիցը, թէ՛ ցեղասպանին եւ թէ համայն աշխարհին ապացուցելու, թէ մենք անզիջող վճռականութեամբ կը յիշենք մեր պատմութիւնը ու պահանջատէր կը մնանք մեր արդար իրաւունքներուն:

          Այս տարի, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, իր ներքին թէ արտաքին ձեռնարկներով, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարեց ոչ միայն հայ աշակերտին մէջ վառ պահելով “կը յիշեմ ու կը պահանջեմ”-ի ոգին, այլ նաեւ այս գծով քարոզչական աշխատանք տանելով արաբական դպրոցներու միջավայրին մէջ:

          Այս առումով, Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2015-ին, վարժարանիս աշակերտները մասնակցեցան Լիբանանի մէջ Անգլիախօս Կաթողիկէ Վարժարաններու աշակերտական միացեալ հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Հազմիէյի Անթունիէ Մայրապետներու դպրոցին մէջ: Վարժարանիս ելոյթը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, եւ այս թեմայով անոնք ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` արտայայտչական պարով, ՙils sont tombռs՚ երգով պատրաստուած տեսահոլովակի մը ընկերակցութեամբ, որ կ‏’ընդգրկէր տարագրութենէն Լիբանան հասած գաղթական հայերու ապրելակերպը բարելաւող եւ անոնց կեանքը շէնցնող հայր Պօղոս Արիսի նկարները, որուն աւարտին երկու աշակերտներ ընթերցեցին նաեւ անոր կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը, որ ինքնին ապացոյց կը հանդիսանայ լիբանանեան կեանքին մէջ հայազգի զաւակներուն աշխոյժ ներգործութեան:

          Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով վարժարանիս նախապատուութիւն տրուած էր նաեւ կատարել հանդիսութեան փակումը: Ուստի, գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան վարժարանիս պարախումբը` երկու պարերով, ՙԱտանայի Ողբը՚ երգին նուագակցութիւնը` երգեհոնով Լիւսի Ղարիպեանի եւ ջութակով` Գէորգ Ներսէսեանի կատարողութեամբ, իսկ աւարտին, վարժարանիս երգչախումբը հանդէս եկաւ ՙԿիլիկիա՚, ՙՔայլենք Միասին՚ եւ ՙԿարմիր, Կապոյտ, Ծիրանագոյն՚ երգերով, գլխաւորութեամբ երգի ուսուցչուհի` Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեանի: Յայտագրին վերջին բաժնով, վարժարանիս երգչախումբին միացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ լիբանանահայ համայնքին համար երգ մը նուիրած` լիբանանցի արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանին, իր ՙՆահնա Հոն Մընիշ՚ երգով:

          Աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան յիշատակի նուէրով մը պատուեց Ղասսան Ռահպանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հազմիէյի Անթունիէ Մայրապետներու դպրոցի տնօրէնութեան, որ հիւրընկալեց մեզ, եւ Լիբանանի Կաթողիկէ Անգլիախօս Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդին` մեզի ընծայած այս առիթին համար, որմով կարելի եղաւ լիբանանցի 955 աշակերտներու ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ մշակոյթին:

Լրատուական մարմին հայ կաթողիկէ Ս. խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի

Լրատուական մարմին հայ կաթողիկէ Ս. խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի

 

Scroll Up