Հայաստան «National Geographic Ռուսաստան»-ի յետխորհրդային տարածքի հանգիստի լաւագոյն վայրերու տասնեակին

«National Geographic Ռուսաստան» հանդէսը ներառած է Հայաստան յետխորհրդային տարածքի հանգիստի լաւագոյն վայրերու տասնեակին:

«Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ ԽՍՀՄ նախկին երկիրներուն մէջ եւս կան սարեր, լողափեր, անապատներ, էթնիկ աւաններ, հրաբուխներ եւ տպաւորիչ սառցադաշտեր, որոնք միանգամայն կրնան մրցակցիլ ամենայայտնի համաշխարհային հանգստավայրերու հետ»,-panarmenian.net-ի փոխանցմամբ` կը գրէ պարբերականը:

Հայաստանի հետ միասին ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը: «ճամփորդութիւնը Անդրկովկաս միշտ փորձութիւն է կերակուրով: Վրաստանի մէջ չես հասցներ ծամել լաւաշը, իսկ հիւրընկալ տան տէրերը արդէն խինկալին  կը բերեն, խաչապուրի կը հիւրասիրեն հարեւան սեղանէն եւ անպայման խմիչք կը
լեցնեն ու կը լեցնեն: Ճաշկերոյթները այնտեղ ժամեր կը տեւեն, իսկ բաժակաճառերը անվերջանալի են: Այս ամէնը շատ կը յիշեցնէ Հարաւային եւրոպան` Իտալիան, Յունաստանը, Սպանիան, ուր հանգիստի պարտադիր
բաղադրիչներէն մէկը ընթրիքն է ընտանեկան պանդոկին մէջ, իսկ այցելութիւնը շուկայ երբեմն աւելի տպաւորիչ կ’ըլլայ, քան հերթական թանգարանի ցուցադրութիւնը: Եթէ անցնելու ըլլաք ամբողջ Վրաստանով մինչեւ Թուրքիոյ
սահմանը, իսկ ատիկա կարելի է ընել 6 ժամուան մէջ, կրնաք ճաշակել ամէն ինչ` դասական լոպիէն մինչեւ սացիւի եւ աջափսանտալ, պակաս յայտնի մխալի եւ կուբդարի: Անպայման այցելէք գինիի փոքրիկ արտադրամասերէն մէկը, ուր, ինչպէս 1000 տարի առաջ, այսօր ալ գինին կը պահեն կաւէ անօթներու մէջ:
Հայաստանի մէջ ձեզի կը սորվեցնեն լաւաշ պատրաստել եւ ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կը ստացուի հանրաճանաչ քոնեակը, իսկ յետոյ, բարձր լեռներու մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէս կարելի է գինարբուքի հետեւանքներէն ազատիլ խաշի միջոցով: Սեւանայ լիճի առափնեայ հաստատութիւններէն իւրաքանչիւրին մէջ ձեզի կը մատուցեն համեղ,
ինչպէս միշլենեան ճաշարանի մէջ պատրաստուած, իշխան եւ պաստուրմա, որուն կարելի է առյաւէտ «սիրահարուիլ»: Թեթեւ ուսապարկով Հայաստան եւ Վրաստան այցելած ճանապարհորդը տուն կը դառնայ մանտարինով եւ նուռով,  քանի մը գլուխ պանիրով, սոուսներով եւ համեմունքներով, ձեռքով աղացած սուրճի փաթեթներով եւ գինիի, տնական օղիի եւ ի հարկէ քոնեակի անհամար շիշերով լեցուն  մեծ պարկով մը»,- կը գրէ պարբերականը:

Հարաւային երկիրներէն բացի ցանկին մէջ  ընդգրկուած են Ղրիմի հարաւային ափը, կովկասեան լեռները, Մինուոտին ու Պեատիգորսկը, Քոլայի թերակղզին, Քամչատկան, Ալթայն ու Տիւան, Ս. Փեթերսպուրգն ու Վիպորգը Ռուսաստանի մէջ եւ Միջին Ասիան:

Scroll Up