Թանգարանը Կը Ցուցադրէ Հայ Մշակոյթի Նմուշները` Ռուսերու Միջոցով Զանոնք Փրկելէ Մէկ Դար Անց

«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Անցեալ շաբաթ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած երեւանեան ձեռնարկներէն վերադառնալու ճանապարհին, այցելեցի Ս. Փեթերզպուրկ` մասնակցելու հայ մշակոյթի նմուշներու աննախադէպ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, որոնք ռուս ազգագրագէտները Ցեղասպանութեան ժամանակ փրկած էին Արեւմտեան Հայաստանէն:
Ահա այդ բացառիկ ցուցահանդէսի անհաւատալի նախապատմութիւնը. 1916 թուականին ռուսական ռազմական արշաւներու ժամանակ, երբ Արեւմտեան Հայաստանը ժամանակաւորապէս ազատագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութենէն, Ս. Փեթերզպուրկի Ազգագրութեան ռուսական թանգարանը արտօնութիւն խնդրեց Նիկոլայ 2-րդ ցարէն Վանի շրջան գիտական արշաւախումբ ուղարկելու համար, որպէսզի հաւաքեն հայ մշակոյթի գործերը` փրկելով վերահաս կորուստէն: Ցարը անյապաղ տուաւ իր համաձայնութիւնը` մակագրելով իր ձեռագիրով. «Հաստատել: Պէտք է շտապել»:
Ազգագրագէտներու փոքր խումբ մը` Ալեքսանդր Միլլերի գլխաւորութեամբ, 1916 թ. Յունիս 10-ին, երկարատեւ ու վտանգաւոր ճանապարհորդութենէ ետք հասաւ Վան: Երկու շաբթուան ընթացքին անոնք տեղի բնակիչներէն գնեցին ընդհանուր թիւով 513 առարկայ` 396 հայկական, 110 ասորական, 5 քրտական եւ 2 թրքական: Արուեստի գործերուն մէջ էին հայկական ազգային տարազներ, ոսկերչական զարդեր եւ գորգեր` Վան, Ալուր, Պիթլիս, Մոկս, Մուշ, Շատախ քաղաքներէն եւ շրջակայ գիւղերէն: Իրենց այցելութեան ընթացքին գիտնականները նկարած էին 60 լուսանկար` բնապատկերներու, պատմական յուշարձաններու, կառոյցներու եւ որոշ բնակիչներու: Այս բոլոր նիւթերը տեղափոխուած էին Ս. Փեթերզպուրկ ռուսական զինուորականներու պաշտպանութեան ներքոյ:
Քրտնաջանօրէն հաւաքուած այս մշակութային արժէքները, զարմանալիօրէն, հարիւր տարի մնացած էին ռուսական թանգարանի նկուղին մէջ եւ երբեք չէին ցուցադրուած… Կը թուի, թէ բոլորը մոռցած էին անոնց գոյութեան մասին մինչեւ երկու տարի առաջ, երբ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեանը իմացաւ այս արուեստի գործերուն մասին եւ տեղեկացուց Հայաստանի իշխանութիւնները, տեղի հայ համայնքի ղեկավարներն ու Հայ ոսկերիչներու միութիւնը:
Շնորհիւ Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամի եւ Ռուսաստանի ազգագրութեան թանգարանի համատեղ հսկայական ջանքերուն` այդ ցուցանմուշները, որոնք մէկ դար շարունակ կը պահուէին թանգարանի պահոցներուն մէջ, անցեալ շաբաթ վերջապէս ցուցադրուեցան Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամը եւ ռուսական թանգարանը լոյս ընծայեցին «Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային գանձերը» խորագիրով տպաւորիչ պատկերագիրք, որ կը ներկայացնէր 1916 թ. Վանի շրջանէն հաւաքուած արուեստի գործերը` մինչեւ Վանի վերագրաւումն ու ցեղասպանական ոչնչացումը օսմանեան թրքական զօրքերու կողմէն:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 2015 թ. Ապրիլ 27-ին, Ռուսաստանի ազգագրութեան թանգարանին մէջ։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը, Ս. Փեթերզպուրկի նահանգապետի տեղակալ Օլկա Գազանսգայան, Ռուսաստանի ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Վլատիմիր Կրուսմանը, Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամի նախագահ Փիեռ Աքելեանը, Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը եւ Ս. Փեթերզպուրկի հայ համայնքի ղեկավար Կարէն Մկրտչեանը:
Զարմանալի չէր, որ երբ յայտնի դարձաւ, որ Ազգագրութեան ռուսական թանգարանին մէջ կը գտնուին արուեստի արժէքաւոր գործեր Վանի շրջանէն, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը կապուեցաւ թանգարանի հետ` պնդելով, որ այդ իրերը կը հանդիսանան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սեփականութիւնը եւ պահանջեց վերադարձնել զանոնք: Թանգարանի տնօրինութիւնը մերժեց թրքական դիմումը, քանի որ այդ առարկաները գնուած էին անոնց տէրերէն 1916 թուականին:
Որքան ալ տարօրինակ է, սակայն թուրք դիւանագէտները կը յանդգնին պահանջել հայ արուեստի գործերը` անոնց տէրերը սպաննելէ, անոնց տուները այրելէ եւ ունեցուածքը թալանելէ յետոյ… Կը մնայ միայն յուսալ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիտ գտնուելով առաջ կ՝երթայ եւ հայց կը ներկայացնէ ռուսական թանգարանի դէմ ` փորձելով պահանջել այս ցուցանմուշները: Նման դատը յաւելեալ կը հրապարակայնացնէ թրքական պատասխանատւութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան, հայկական մշակութային օճախներու թալանի եւ հայերու նախնիներու հայրենիքը բռնագրաւելու համար…
Հարիւր տարի անց այլ արշաւախումբ մը պէտք է ուղարկել թրքական թանգարաններ եւ գրադարաններ` Ցեղասպանութեան ժամանակ թալանուած հայ մշակոյթի գործերը, ձեռագիրները եւ այլ թանկարժէք իրեր յայտնաբերելու եւ վերականգնելու համար: Հայցեր պէտք է ներկայացուին թրքական բոլոր կառոյցներուն դէմ, ուր կը պահուին նման հայկական արժէքներ: Եթէ տեղական թրքական դատարանները մերժեն պահանջը, հայերը պէտք է դիմեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` հայկական մշակութային ժառանգութեան այս վաղակորոյս եւ թանկագին բեկորները վերականգնելու համար: Նման իրաւական ջանքերը փոխհատուցում պահանջելու եւս մէկ միջոց կը հանդիսանան մէկ դար առաջ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդի կրած վիթխարի կորուստներուն համար…
Պէտք է Ռուսաստանի թանգարանի ուշագրաւ ցուցահանդէսի շրջագայութիւնը կազմակերպել աշխարհի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ. Աթէնք, Պէյրութ, Պեռլին, Պոսթըն, Պուէնոս Այրէս, Լոնտոն, Լոս Անճելըս, Մոնրէալ, Մոսկուա, Նիւ Եորք, Փարիզ, Թեհրան, Թորոնթօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Սան Փաուլօ, Սիտնի, ինչպէս նաեւ Երեւան ու բազմաթիւ այլ քաղաքներ: Աշխարհը թո ՛ղ տեսնէ այս փոքր հաւաքածուն, որ մաս կը կազմէ հսկայական մշակութային արժէքաւոր ժառանգութեան, որ հայ ժողովուրդը կորսնցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ 1.5 միլիոն մարդկային զոհերու հետ միասին:
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը