Հրանդ Կիւզէլեանի «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը – Մնացորդացի Տուն Դարձի Պատմութիւն մը» Գիրքին Անգլերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէս
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչման գործունէութիւններու շարքին՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) վերջերս Անգլերէնի թարգմանեց եւ հրատարկեց Հրանդ Կիւզէլեանի «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը – Մնացորդացի Տունդարձի Պատմութիւն Մը» գիրքը՝ «The Youth Home of Istanbul: A Story of the Remnants Homecoming» անուան տակ։ Սոյն Գիրքին երկրորդ շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին վրայ, Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին Բերեմըսի Հայ Երիցական Եկեղեցիին մէջ՝ 140 Forest Avenue, Paramus, NJ 07652։ Կիւզէլեան, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն էր, Պոլսոյ Կէտիկ Փաշա թաղամասի Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ հիմնած էր Պոլսոյ Պատանեկան Տունը, եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած՝ Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն փնտռելու եւ ձուլումէ փրկելու հարիւրաւոր Իսլամացած Հայ պատանիներ։ Այդ ազատագրուած պատանիներուն մէջ էին նաեւ Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինք։
«Երբ այս գիրքը կարդացի 2007-ին, համոզուեցայ թէ ան պէտք է անպայման տրամադրելի դառնար Հայերէն ընթերցող հասարակութենէն անդին» ըսաւ Զաւէն Խանճեան, Գործադիր Տնօրէնը ԱՀԱԸ-ի։ «Ակադեմականներ, ցեղասպանութիւն ուսումնասիրողներ եւ պատմաբաններ պետք է կարդան Կիւզէլեանի ականատեսի վկայութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մշակոյթի ոչնչացման գործունէութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ անոր դիմադրութիւններուն ՝ ի դէմ Թուրք պաշտօնեաներու մերժման, հարստահարման եւ դատապարտման գործողութիւններուն՝ Մնացորդացի մը Տուն Գալու ճանապարհին տարուած պայքարին»։
Ձեռնարկին ընթացքին Հրանդ Կիւզէլեանի գործունէութեան տարբեր երեսներն ու անոնց ձգած ազդեցութիւնը պիտի ներկայացնեն Զաւէն Խանճեան, ԱՀԱԸ-ը Գործադիր Տնօրէնը, վեր. Պերճ Կիւլէյեան՝ Հովիւը Բէրէմըսի Հայ Երիցական Եկեղեցիին, եւ Խաչիկ Մուրատեան՝ Ռաթկըրզի Համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան Ծրագրի համակարգողը: Յայտագիրը պիտի վարէ Իրաւաբան Փիթըր Ղուկասեան:
Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ համայնքը սիրով հրաւիրուած է այս յատուկ հանդիսութեան՝ նշելու կեանքը Հրանդ Կիւզէլեանի, որ եղած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հերոսներէն մին:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Ներկաներուն տրամադրելի պիտի ըլլան նաեւ Կիւզէլեանի հատորին անգլերէն թարգմանութենէն օրինակներ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաք հեռաձայնել ԱՀԱԸի կեդրոնատեղին՝ (201) 265-2607 թիւով։