Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Արաբերէնով Բանաստեղծական Գիրքի Շնորհահանդէս Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Ներս

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական աւանդներու ակումբին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցութեամբ, ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հատի Մրատի «Արմանուլ Ահիա» («Թաղերուն հայերը») գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը երկուքին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ Հոլ» սրահին մէջ: Ի դէպ` Հատի Մրատ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ բժշկութեան ուսանող է, միաժամանակ` Լիբանանի գրողներու միութեան ամէնէն կրտսեր անդամն է (22 տարեկան) եւ բանաստեղծ է: Երիտասարդ բանաստեղծին գիրքը կը բաղկանայ հարիւր բանաստեղծական տունէ` նուիրուած հայութեան:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:

4-29-15_aub-3

Լրագրող Հալիմէ Թապիհա տպաւորիչ բառերով իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին դատին եւ արհաւիրքներուն, անոր բարեմասնութիւններուն եւ վերջապէս ներկայացուց երիտասարդ բանաստեղծին կենսագրականը:

Ապա, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական ակումբի նախագահ Խաժակ Կէօքճեան կարճ խօսքով մը ողջունեց գիրքին հրատարակութիւնը:

Այնուհետեւ Նարէ Աղասարգիսեան դաշնակի վրայ երաժշտական կտոր մը հրամցուց ներկաներուն, որմէ ետք «Արմանուլ Ահիա»-ի հեղինակ Հատի Մրատ ելոյթ ունեցաւ եւ գեղարուեստական ոճով իր սրտի խօսքը ըսաւ: Ցուցադրուեցաւ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» խորագիրով գեղարուեստական տեսահոլովակ մը` Հատի Մրատի բառերով, Մաժտ Խալիլի երաժշտական յօրինումով,  Լուայ Մերհիի գործիքաւորումով, Մոհամետ Կըպպաուիի բեմադրութեամբ եւ երգչուհի Մարիան Ալուանի կատարողութեամբ:

Ապա` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան խօսք առաւ եւ իր կարգին ողջունեց հեղինակին եւ Համազգայինի միացեալ ջանքերը:

Դոկտ. Կէօքճեանի ելոյթէն ետք օրուան հիւր բանախօսը` ֆիլմաշարերու բեմագրութիւններու հեղինակ Քլոտիա Մարշալեան բեմ բարձրացաւ: Մարշալեան շեշտեց, որ այսօր ոչ մէկ հայ գոյութիւն ունի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ. հետեւաբար պատահածը զուտ ցեղասպանութիւն է: Մարշալեան ըսաւ, որ լիբանանահայերը` իբրեւ հիւրեր, հիւրընկալ եղան ու Լիբանանի բարօրութեան նպաստեցին: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք շա՞տ է մէկ օր գոնէ դպրոցները փակ պահել ի յիշատակ մարդկային նման դատի մը 100-ամեակին:

4-29-15_aub-1Ձեռնարկին աւարտին Հատի Մրատին պատուոյ յուշանուէր շնորհուեցաւ, ապա երիտասարդ բանաստեղծին գիրքին մակագրումը կատարուեցաւ:

Պէտք է նշել, որ սկզբունքով ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլար նաեւ լիբանանցի տաղանդաշատ դերասան Ժորժ Խապպազ, որ Հռոմ կը գտնուէր իր պատրաստած «Ղատի» ժապաւէնին մրցանակի արժանանալուն անակնկալ պատճառով:

Յայտնենք, որ երկուշաբթի, 27 ապրիլին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ժիպէյլի Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ եւս տեղի ունեցաւ նոյն գիրքին շնորհահանդէսը: Այս առիթով խօսք առին Փոլա Եագուպեան եւ դոկտ. Նիտալ Տեքեշ:

Նշենք, որ գիրքին պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 13 մայիսին:

Scroll Up