Էրտողան կրկին կը փորձէ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով ցուցադրութիւն բեմադրել
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Թուրքիոյ նախագահը կը փորձէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը աշխարհին հասու դարձնել տարբեր ցուցադրութիւններու միջոցով: Այս անգամ ալ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան որոշած է նախագահական իր նստավայրին մէջ հանդիպիլ թուրք պատմաբաններու եւ ակադեմիկոսներու հետ` իբր քննարկելու «1915 թուականի դէպքերը»:
Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ըստ թրքական aktifmedya.com-ը: Լրատուականը կը յայտնէ, որ Ապրիլ 21-ին կայանալիք հանդիպման Էրտողան հայկական հարցով զբաղող եւ հետաքրքրուող մասնագէտներու
հետ պիտի քննարկէ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահը նպատակ ունի այս հարցով զբաղող աշխատանքային խումբ ստեղծել: