Հայագիտութեան Բաժանմունքի Բացում Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ
Դամասկոսի համալսարանին մէջ քննարկուած է հայագիտութեան բաժին բանալու հարցը: Այս առիթով Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մուհամմատ Ամր Մարտինին նոյեմբեր 25-ին հանդիպած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանի եւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ
Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի հետ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացաւ «Բերիոյ Լուրեր»
ֆէյսպուքեան էջէն: Հայագիտական բաժինը կը նախատեսուի բանալ Դամասկոսի համալսարանին
պատկանող «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»- ին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի դեսպանի խորհրդական Տիգրան Գէորգեան, պատմաբան, Դամասկոսի համալսարանի դասախօս, դոկտոր Նորա Արիսեան, Դամասկոսի համալսարանի
ընդհանուր քարտուղար, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի պետը եւ Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի վարիչը:
Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ Դամասկոսի համալսարանը ցանկութիւն ունի ուսուցանել տարբեր լեզուներ, մէջը ըլլալով` Հայոց լեզու` այդպէսով աւելի զարգացնելով եւ ամրապնդելով երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները: