Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Հոգեհանգիստ Նոր Ջուղայի ՄԷջ

Ապրիլ 8-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնամուտի ժամերգութեան աւարտին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նուիրուած 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայ մարտիկներու յիշատակին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին Իրանէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, արարողութիւնը մատուցեց Սպահանի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Սիփան ծ.վրդ. Քեչեճեան, որուն կը սպասարկէին քահանայից եւ դպրաց դասերն ու Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը: Օրուան առթիւ արտայայտուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը, որմէ ետք արարողութեան ներկայ ազգային իշխանութեան եւ ազգային այլ մարմիններու ներկայացուցիչները, Հայ դատի յանձնախումբի անդամներն ու հոծ բազմութիւնը միասնական աղօթքով ու խունկ ծխելով յարգեցին Արցախի մէջ նահատակուած հայ մարտիկներու յիշատակը:
Աւելցնենք, որ հոգեհանգստեան արարողութիւնը իրականացուեցաւ Նոր Ջուղայի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի եւ թեմի Կրօնական խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ:
Լուսանկարները տրամադրած է Սքարլեթ Հայրապետեան