Եսայի Ալթունեանը Կը Քաջալերէ Իւեթա Մուկուչեանը.տեսանիւթ

Ֆրանսաբնակ երգիչ Եսայի Ալթունեան «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին քաջալերանքի խօսք յղեց «Եւրոտեսիլ-2016»-ի հայաստանեան մասնակից Իւեթա Մուկուչեանին` մաղթելով անոր ինքնավստահութիւն եւ լաւատեսութիւն:
Իր խօսքին մէջ երգիչը ընդգծեց, որ այս տարի Հայաստան մրցոյթին յաղթանակի հասնելու համար բոլոր նախադրեալները ունի` շնորհիւ արուեստավարժ երգչուհիի, լաւ երգի եւ տեսահոլովակի:
Ներկայացուող տեսանիւթին մէջ Եսային նաեւ կոչ կ’ընէ Սփիւռքի բոլոր համայնքներուն` իրենց քուէարկութեամբ եւ հոգիի ջերմութեամբ սատարեն Իւեթա Մուկուչեանին, քանի որ մեր պատուիրակը սթոքհոլմեան բեմին վրայ այդ ամէնու կարիքը հաստատ պիտի ունենայ: