Պապի Ելոյթէն Ետք Թուրքիոյ Դեսպանը Կը Վերադառնայ Վատիկան

Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, որ 2015-ի Ապրիլ 12-ին Հռոմի Սբ. Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցած պատարագէն ետք  յետ կանչուած էր Անգարա, կրկին կը վերադառնայ Վատիկան, կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Ըստ թրքական «Hurriyet» թերթի կայքին` որոշումը կայացուած է այն բանէն ետք, երբ Պապը «Տարտանելի առաջին յաղթանակը.1657» գիրքի շնորհանդէսին ժամանակ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելուն, օգտագործած է «1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններ» ձեւակերպումը:

Էրտողանի խօսափող համարուող «Sabah» թերթը այդ իրադարձութիւնը բնութագրած է հետեւեալ կերպ. «Վատիկանը յետքայլ ըրաւ»:

Թրքական աղբիւրներու փոխանցմամբ` Պապը դատապարտած է «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի»`  ASALA-ի մարտիկներուն կողմէ 1977թ. կազմակերպուած Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահի Ճարըմի սպանութիւնը:

Դեսպանի Վատիկան վերադարձի թեմայով  Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութեան խօսնակ Թանժու Պիլկիչի տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.

«Պապի ելոյթին մէջ դրական ընդունուած է պատմութիւնն ու կրած տառապանքները աւելի լաւ ըմբռնելու համար արխիւները բանալու մեր ցանկութիւնը, որմէ կը բխի 2005 թուականին մեր կողմէն եղած պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկը: Պապի ելոյթին մէջ յիշատակուած է նաեւ Վատիկանի մէջ մեր դեսպանի սպանութիւնը, որ կ’ըլլայ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան քննադատութեան ծիրէն ներս:

Այդ իսկ պատճառով որոշում  կայացուած է 2015 թուականի Ապրիլ 12-ին խորհրդակցութիւններու համար Անգարա յետ կանչուած դեսպան Մեհմեթ Փաչաճըին վերադարձնել իր պարտականութիւններու կատարման»:

Scroll Up