Հակառակորդի` նախորդ օրուան նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են

Յուլիս 21-ին ողջ օրուան ընթացքին Ատրպէյճանի զինուժը շարունակած է ուժգնօրէն խախտել հրադադարի պահպանման կարգը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքով: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՊ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:
ՊԲ տուեալներուն համաձայն, նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 160 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ հրետանային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1600 կրակոց, ներառեալ` 60 միլիմեթրանոց ականանետերէ 123 արկ, ՌՊԳ-7 տիպի նռնականետերէ 3 արկ եւ խոշոր տրամաչափի գնդացրային միջոցներէ աւելի քան 140 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու, որուն հետեւանքով հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Արցախի բանակը կը տիրապետէ իրադրութեան եւ իրավիճակի իւրաքանչիւր զարգացման պարագային պատրաստ է անհամաչափ ու պատժիչ գործողութիւններու: