Ռահուայ Գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Խաչերու Օծում

Իրանի Ռահուայ գիւղի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ 15 յունուարին մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի կողմէ:
Առաջնորդ հօր ձեռամբ, Ս. պատարագին ընթացքին, քարոզէն անմիջապէս առաջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ գմբէթի եւ զանգակատան խաչերու օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ապա խաչերը երիտասարդներուն օգնութեամբ զետեղուեցան իրենց տեղերը:
Վերանորոգուած եկեղեցւոյ արտաքին պատերու մաքրութեան աշխատանքները շուտով իրենց լրումին պիտի հասնին, որպէսզի կարելի ըլլայ 18-րդ դարու եկեղեցին վերաօծել գարնան: