(Արևմտահայերեն) Արշիլ Կորքիի հետքերով

Տոքթ. Մելինէ Գարագաշեան

Հորիզոն- Աշնան պայծառ օր մը, զարմիկներս ու ես ուղղուեցանք դէպի Շըրմըն, Գոնէքդիգըթ Կորքիի գերէզմանը այցելելու: Երկար ճանբորդութիւնը հետաքրքրական դարձաւ մեր խօսակցութիւններով, գիւղական ճամբաներուն վրայ,: Շրմընի մէջ, Կորքին յիշեցնող որևէ նմուշ չի գտանք: Կորքիի անունը ևս չէր շահագործուած: Ըստ բացատրութեան, գտանք միակ խանութը ուրկէ ծաղկէփունջ մը գնեցինք: Մէթոտիստ եկեղեցւոյ և Հիւսիսային գերէզմանի աշխատուհին ամօթով ըսաւ թէ՝ չէր գիտեր գերէզմանաքարի վայրը ու յաճախ ստիպուած էր ամուսնույն խմդրել, գերէզմանի յատակագիծը իրեն տալ, բայց ան չէր իրականացուցած այդ փափաքը:

Փնտրեցինք Կրանդ անունով գերէզմանաքարը, որու շարքին, բլուրի վրայ պիտի գտնուէր Կորքիի տապանաքարը: Զարմիկս շուտով գտաւ, մինչ մենք կը կարդային հարիւր տարի առաջուայ մեռեալներու անուններ: Այս փոքրիկ Շըրմընին հին գերէզմանատունն էր, թիւ 10 պողոտային վրայ: Շրմըն գիւղը հիմնուած էր 19րդ դարու սկիզբը:

Ըստ իմ ստացած բացատրութեան, Կորքիի ընտանիքը մեծ հատուած մը գներ էր գերէզմանատունէն, ընտանիքին համար, այնպէս որ, Կորքիի գերէզմանաքարը ժամանակին կանգնած էր միայնակ: Սակայն, տեսայ, որ արդէն գերէզմանը խճողուած էր և Կորքի մինակ չէր:

Իմացայ, որ դժուար եղած է Կորքին–որ անձնասպան եղած էր–, թաղել՝ Մէթոտիստ եկեղեցին մերժած էր թաղման արարողութիւն կատարել, վերջապէս, թոյլ տուած էր թաղել առանց արարողութիւն կատարելու: Կորքի միայն երէք տարի ապրած էր Շըրմընի մէջ և մեռած հոն: Ան վարձով առած էր ՙապակիէ տունը՚ և փափաքած էր հաստատուիլ Շըրմընի մէջ մինչև դժբաղտութիւններու պատահիլը: Շըրմընը հանդարտ գիւղ մըն էր, արուեստագէտներու ընտրանին. Մեծ քաղաքներէ հեռու:

Կենսագրութիւնը.

Վոստանիկ Ատոեան (Մանուկ) ծնած է 1902-1904 Վանի մօտ գտնուող, Խորխոմ գիւղին մէջ, Վանայ լճի ափին, ըլլալով ծնողներու Բ. ամուսնութեան երկրորդ զավակը: Հայրը՝ Սեդրակ,երեսունի վերջերուն, ագարակապան և ձեռներեց մարդ էր, ամուրի էր, մէկ զավակով: Մայրը՝ Շուշանը-ը, տասնըվեց տարեկան ևս ամուրի էր, ամուսինը կորսնցուցած էր 1896-ի ջարդերուն և երկու զավակները որբանոց յանձնած, որ կարենար ամուսնանալ: Ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ չէր հիմնուած, այլ՝ յարմարութեան: Հայրը 1908-ին կը մեկնի Ամերիկայ խուսափելով Թրքական զորակոչէն, նկատի ունենալով, որ, Թուրքերը Հայերուն առաջնագծի վրայ կը ղրկէին ուրիշ Հայերու սպաննելու համար: 1915-ին, Շուշան իր երկու զավակներով կը հեռանայ Խորխոմէն, կ՛անցնի Կովկասեան Հայաստան: Երևանի մէջ, մայրը, 1919-ին սովամահ կ՛ըլլայ, հակառակ, որ Ոստանիկն ու քոյրը, Վարդուշը ամէն օր կ՛աշխատին որ մամայի համար ուտելիք ճառեն: Մինչ, Շուշանը կը պահէ ուտելիքը զաւակներուն համար…. Օր մը, երբ Շուշան Ոստանիկի միջոցով նամակ կը յուշէր ամուսնույն, տկար ու հիւանդկոտ, Ոստանիկի թևերուն մէջ հոգին կ՛ավանդէ, գլուխը թող տալով Ոստանիկի ուսին վրայ:Շուշանին կը թաղեն այդ օրուայ մեռեալներու հետ, հասարակաց գերէզմանի մը մէջ: Վարդուշն ու Ոստանիկը ազգականներու և այլ Հայերու օգնութեամբ կը հասնին Պոլիս, Ադէնք և վերջապէս՝1920-ին, պատանի Ոստանիկն ու քոյրը կը հասնին Ուոթրթաուըն, Պոսթըն, Ամերիկա ուր կ՛ապրէին հայրն ու խորթ եղբայրը: Հանդիպումը դրական չ՛ըլլար:

1926-45, կը նկարէ մօրն ու իր նկարը, հիմնուելով 1912-ի պատկերի մը վրայ: Այս նկարը հանդիսացաւ իր ստորագրութիւնը և թերևս ամէնաճանչցուածը:

Ոստանիկ ինքզինքը կը նորոգէ, անունը կը փոխէ Արշիլ Կորքիի, նոյնիսկ լուր կը տարածէ, որ Ռուս գրող, Մաքսիմ Կորքիի ազքականն է, թէ, ինք ռուս է: Սնշուշտ այս լուրը սխալ էր, Մաքսիմ Կորքի գրչանուն էր: Կարծիք կայ, որ այլ իմաստներ ալ ունեցած է Կորքի կեղծանունը. Օրինակ՝ Արչի Կան, Արշէլ Կորքի—Այշարելի իմաստը՝ սև հոգի էր. Կորքի ըսած է, որ մայրը զինք ՙսևը, որը լաւ վերջաւորութիւն պիտի չ՛ունենայ՚ անուանած է: Նաև տեսակէտ մը կայ, որ Խորխոմի հին քարտէզներու անուանումը ըլլալով Կօք, Կորքի իր կեղծանունին վերագրած է ՙԽորխոմի անիծեալը՚ մակդիրը: Մէկ բան կը կրկնուի, որ Կորքի տեղին համեմատ կը խօսէր և պատմութիւններ կը յորինէր, օրինակ, իր ծննդեան թուականը կը կարծուի, որ ճիշտ չէ: Բարեկամ մը, կը գրէ թէ Կորքին աւելի տարիքոտ կը թուէր ըլլալ քան կ՛ըսէր: Ան ծնուեր էր 1902-1904-ի շուրջերուն: Իր երեխաներու դայեակը կը յիշէ զինքը որպէս շատ գեղեցիկ մարդ մը, թուխ և տրամադիկ, միշտ կրելով սև qէյբը և խիտ պէխէրը: Ան գեղեցիկ կերպար մըն էր նաև Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, իր բարձր հասակով, վերարկուի փէշերը օդին տուած երբ կը քալէր:

Հակառակ իր աղքատութեան, Կորքի կը յաջողի մասնագիտանալնկարչութեան մէջ, թէ՛ դասընթացքներու հետևելով և թէ ինքնաշխատութեամբ: Յայտնի Ամերիկացի նկարիչ, Կորքիի աշակերտ, Վիլհելմ տը Գունինկ գրած է, որ Կորգին դիտելու, տեսնելու յատուկ կարողութիւն ունէր, որը տը Գունինկ չէր կարողացած ձեռք ձգել դասընթացքներու միջոցով իսկ:

Կորքիի աշխատակիցներն ու բարեկամները շատ կը սիրէին զինքը, կը հետևէին իր ուղիին: Կորքի, որ տարիներով հետևեցաւ մեծ նկարիչներուն, ինչպէս Բիքասօն ու Սեզանը, մահուայ նախորդող տարիներուն կերտեց ի՛ր իւրայատուկ ոճը ու հանդիսացաւ Ամերիկեան Վերացական Էքսպրէշոնիզմի հիմնադիրը:

Կորքին գործունէութիւնը կը ծավալէ Նիւ Եորքի Իւնիոն Սքուէրթաղի աշխատանոցին մէջ. 1925-ին Պոսթընի ընկէրոջը կ՛ըսէ՝ ՙկ՛երթամ Նիւ Եորք դասավանդելու. Կամ՝ մեծ արուեստագէտ մը պիտի դառնամ, կամ՝ յանձագործ մը՚: Մօտէն բարեկամացաւ արուեստը գնահատող, շատերու էյճընդ, Ժուլիէն Լեվիի հետ: Արուեստի ուսանողի մը հետ անյաջող ամուսնութենէն վերջ, Տը Գունինկ 1940-ին զինք կը ծանօթացնէ ապագայ տիկնոջը, արուեստ ուսանող, 18-ամեայ Ակնէս Մակրուտըրի հետ, աղջիկը՝ բարձրաստիճան նաւային օֆիսըրի մը. որու Կորքի բաղաքշանքով պիտի անուանէր, ՙՄուկուչ՚, ընկերներուն ըսելով, թէ Մուկուչի իմաստն է՝ ՙԻմ Հզօր Փոքրիկս՚:1 Զոյգերը կ՛ամուսնանան Վիրճինիա քաղաքի մէջ (Նէվատա) 1940-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ շրջան մը կենակցելէ վերջ: Կը հաստատուին Նիւ Եորքի մէջ: Մուկուչ Կորքիի կը պարքևէ երկու աղջնակներ՝ Մարօ և Նադաշա:

Մուկուչն ու աղջիկները յաճախ ամառները կ՛անցնեն Մուկուչի մօր մօտ, Վիրճինիայի մէջ, կամ Պոսթըն: Ընտանիքը միքանի անգամ կը փոխադրուի և վերջապէս կը բնակի Հէպէլնի ՙապակիէ՚ վերանորոգուած տան մէջ, Շըրմըն, ուր նախորդ տարին Կորքիի այդ տան աշխատանոցին մէջ կրակ եղած էր ու Կորքիի վերջի երէք տարիներու նկարները այրած: Շրմընի մօտ կը բնակէին Կորքիի բարեկամները, ինչպէս, Ճուլիէն Լէվին:

Ան յաճախ աշակերտներուն կը խրախուսէր որ նկարչութիւն մըարհեստական պէտք է ըլլայ, լաւ ըլլալու համար, բայց թէ՝ նկարչութիւնը անկախ պէտք է ըլլայ անձէն: Կորքիի սկզբնական գործերը Եւրոպական արուեստի ոճերը կ՛ընդգրկէին, որը ըսել կ՛ուտար ոմանց, որ, Կորքիի արուեստը իւրայատուկ չէր: Այդ օրերուն, Փարիզը՝ արուեստի աշխարհի սիրտն էր: Կորքի հիացած էր Բիգասոյով ու Սեզանով, զանոնք սերտելով կը սորուէր: Փարիզէն վերադարձին կը հայտարատէր, որ ուսանած է Փարիզի մէջ: Օր մը, երբ քննադատ մը նկատողութիւն կ՛ընէ, որներկի գէտակ մը կը կաթէր Կորքիի նկարչութենէն, Կորքի կըպատասխանէ, ՙԵրբ Պիքասօն կը կաթի, ես ալ կը կաթիմ….՚: Ըստ արուեստի քննադատներու, Կորքի իր ՙարուեստի ոճը, ձայնը՚ գտաւ երբ մահուընէ քիչ առաջ, չի հասցուց շատ կտաւներ արտադրել: Նիւ Եորքի իր Եունիըն Սքուերի աշխատանոցը, հանդիպման վայր եղած էր դեռ անծանօթ արուեստագէտներու համար: Անոնք, խորը յարգանք ունէին Եւրոպական ավան կարտի նկատմամբ, որու, մանաւանդ՝ Փարիզի դպրոցին պաշտողն էր՝ Կորքին:

Ան հաճելի բնաւորութիւն ունէր, ուրախ, գեղեցիկ երիտասարդ էր, գրաւիչ: Ուոլ Սդրիդ Ճըրնըլի Լրագրող մը կը նկարագրէր Կորքին որպէս ՙԿարօտի բանաստեղծ՚ ու կ՛աւելցնէր, ՙՔիչ արուեստագէտներ այնքան արժէւորուած էին իր աշխատակիցներու կողմէ, որքան Կորքին էր:

Լրագրողներէն ոմանք իր իւրայատուկ տաղանդը կը վերագրէին իր տխուր անցեալի փորձառութիւններուն: Սակայն, բացի Կորքիի մօր հետ նկարէն, և մի քանի խորհրդանշաններէ, Կորքի չէր արտահայտած իր Հայկականութիւնը, նո՜ր անձ մը ստեղծած էր Նոր Աշխարհին մէջ: Ըստ մէկ լրագրողի, արուեստի աշխարհը եկած էր փոխարինելու այն ընտանիքը, որը Կորքի կորսնցուցած էր Հայաստանի մէջ:

Սոլոմոն անուն մէկ արուեստի լրագրողը կը նկատէ, որ Կորքիի գործերուն մէջ յայտնի են իր Հայկական անցեալէն խորհրդանշաններ–մաշիկ մը, ծառ մը, արօր, գոգնոց մը: Օրինակ, իր ՙԼեարդը աքլորին սանտրն է՚ (1944) մեծ աշխատութիւնը պարտէզ մըն է ծածկուած կարմիր մարմնի կտորներով: Կարևոր աշխատութիւններէն է Նիւորքի օդակայանի պատի նկարը, որը վաթսունականներուն ի հայտ եկաւ ու փրկուեցաւ:

Փոքր տարիքին, Խորխոմի ուսուցիչը նկատեր էր Ոստանիկի տաղանդը՝ նկարելու իր մե՜ծ սէրը: …-ին քաուչուկի գործարանի մը աշխատած ժամանակ, երբ միայն կ՛ուզէր նկարել և դպրոցի համբերութիւն չ՛ունէր, գործարանին մէջ, ժամանակին մեծ մասը կ՛անցնէր կտուրի սև թուղթին վրայ նկարելով: և հակառակ որ, աշխատակից մը կը ծածկէր Ոստանիկի բացակայութիւնը, գործարանատէրը շուտով հասկցաւ և գործէն արձակեց երիտասարդ նկարիչին: Ան, Նոր Անգլիոյ (Նիւ Ինկլանտ նահանգ)մէջ տարբեր վայրեր բնակեցաւ, նկարեց: Կարճ ժամանակ մը գծագրութեան դասեր առաւ Բրավիտենսի Տեխնիկական դպրոցին մէջ: Ան նաև պատմութիւն յօրինեց, որ էնժինիրինկուսաներ էր Պրաուըն համալսարանին մէջ:

Այդ ժամանակ էր, որ անունը փոխեց, զանազանուելու համար իր անտարբեր հօրմէն ու խորդ եղբօրմէն: Մինչև 1930, ներկայացաւ որպէս Արչի Կան, յետոյ՝ Արշիլ Կորքի:

1945 -ին միքանի դժբաղդութիւններ պատահեցան: Իր Շրմընի աշխատանոցը հռաճարակ եղաւ ու Կորքի կորսնցուց վերջի երէք տարիներու իր նկարչութիւնները: Քիչ անց, քոլոնի ծանր վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, որը իր կեանքն ու տիկնոջ հետ յարաբերութիւնը փոխեց: Միքանի տարի վերջ, երբ կինը սպառնացեր էր բաժնուիլ իրմէ ու աղջիկներով հեռացեր, Կորքի ինքնաշարծի ծանր արկածի մը զոհը եղաւ: Իր բարեկամը, Ժուլիէն Լեվին որ Շրմընի մէջ կը բնակէր, անձռևոտ օր մը, Կորքիին տուն տարած ժամանակ, ինքնաշարժը դարձաւ և Կորքիի ողնահարը վնասուեցաւ: Լրագրողները այն տպաւորութեան տակ են, որ Կորքի չի կարողացաւ նկարել այդ արկածէն վերջ, մինչ, Լէվին կը գրէ, թէ երբ միքանի շաբաթ անց, Կորքիին այցելեց, Կորքին ու կինը պաստառ կը պատրաստէին:

Արկածէն վերջ, Չորէքշաբթի օր մը, Կորքի հը հեռաձայնէ Ռօքսպըրիի և Նիւ Եորքի իր բարեկամներուն զանազան պատրուակներով: Միքանի բարեկամներ, մտահոգ, որ ինքզինք չի վնասէ, կապ կը պահեն Կորքիի հարևաններուն հետ, խնդրելով, որ աչք պահեն Կորքիի վրայ: Հարևանները, յաջորդ օրը տունը պարապ գտնելով, տարածքը կը պրպտեն մինչև Կորքիի շունը իրենց կ՛առաջնորդէ այն ձախանոցը, ուր Կորքի սովորութիւն ունէր երթալու ու խոկալու: Հոն, գերանէ մը կախուած կը գտնեն Կորքին ու գերանի մը վրայ փորագրուած՝ իր հրաժեշտի խօսքերը սիրելիներուն: Մուկուչ, լսելով, անմիջապէս կը վերադառնայ Շրմըն, ներայ կ՛ըլլայ թաղմանը և կը հեռանայ հարևաններուն ըսելով թէ Նիւ Եորք միտք ունի հաստատուելու:

Կորքի երկար ժամանակ խորը տխրութիւն զգացած էր, նոյնիսկ աղջնակի հարց տուած թէ՝ անտառի ո ՞ր ծառէն ինքզինքը կախէ: Լեվիի հեր այցելած էր հոգեբոյժի մը—Լէվիդի համար շունիկ մը որդեգրելու– և բժիշկը նկատելով Կորքիի տխրութիւնը, թելադրած էր, որ մասնագէտի մօտ երթար: Վիրահատութենէ վերջ, Մուկուչ փորձեր էր զինք համոզել, որ Յունկեան հոգեվերլուծողի մօտ երթար, բայց, Կորքի խիստ զայրացեր էր և Մուկուչէն խոստում առեր որ այդ մասին չի խօսի այլ ևս:

1948-ին, Կորքի 44-46 տարեկան էր: Նոր ստեղծած էր իւրայատուկ ոճը….

Կորքիի նկարչութիւնները այժմ կը զարդարեն բազմաթիւ անուանի թանգարաններ, ուր միքանի ցուցադրութիւններ ներկայացուած են Կորքիի նկարչութիւններու հաւաքածոներով:

Ինչպէս Կորքի կը սիրէր պատմութիւն հոռինել, իր կեանքի պատմութիւնը նոյնպէս անորոշ կամ հակասութիւններով լի էր: Փեսան, Մաթիու Սպենտր, որ կենսագրութիւնը գրած է, կը գրէ թէ ծննդեան թուականը երբեմն Ապրիլի մէջ էր, երբեմն Հոկտեմբերին: Ծննդեան տարին, նոյնպէս փոփոխական էր, Կորքի միշտ աւելի տարիքոտ կ՛երևար, քան իր ըսած տարիքը: Միքանի աղբիւրներ ուսումնասիրելով, այս կենսագրութեան հանգեցայ: Կորքիի կեանքի շատ հետաքրքրական մանրամասները կարելի է գտնել յիշուած գրականութեան մէջ:

Գրականութիւն

Cowley, M. (July 31, 1948). Arshile Goky. In, The Sherman Sentinel, pp. 4-5.

Day, A. (July 16, 1999). When Sherman was a Backdrop for Artistic Glory. Litchfield County Times. pp 7-8.

Herrera, H. (2003). Arshile Gorky: His life and work. New York: Farrar, Straus and Giroux.

Hopkins, D. (2009). An Odyssey. In, The Sherman Sentinel, pp. 14-16.

Levitt (August 6, 1999). Another View of Arshile Gorky. In, The Litchfield County Times.

Life Magazine (1948). Views of Gorky’s House in Sherman, Connecticut, Fig. 8-17. Life Magazine, p. 129.

Matossian, N. (2000). Black Angle: The Life of Arshile Gorky. New York: The Overlook Press.

Schjeldahl, P. (September 8, 2003). Self-Made Man. In, The New Yorker Magazine.

Schjeldahl, P. (2009). Twentieth-Century Man: An Arshile Gorky retrospective. In, The New Yorker, pp. 116-117.

Seitz, W. C. (1962). Arshile Gorky: Paintings, Drawings, Studies. New York: Doubleday.

Solomon, D. (My 9, 1995). Wildly Beautiful, Painted with Tears. In,The Wall Street Journal.

Spender, M. (1999). From a High Place: A Life of Arshile Gorky.New York: Alfred A. Knopf.

Taylor, M. R. (Ed.) (2009). Arshile Gorky: A Retrospective.Philadelphia: Piladelphia Museaum of Art

1 Այնպէս կ՛երևայ, որ Վոստանիկի ազգականի անունը Մկրտիչ էր, որու ժողովրդական կրճատումը, Մուկուչը այլ նշանակութիւն ունի:

Scroll Up