«Ես Եմ Քո Յիշողութիւնը» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Ցոյց Կու տայ Սուրիացի Ժողովուրդին Պատուհասած Աղէտը

Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Ես եմ քո յիշողութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Սուրիոյ պատմական վայրերը պատկերող լուսանկարները մինչեւ պատերազմը եւ անկէ ետք, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, «Diaspo’arts»-ի եւ «Սիրիական համայնքը Երեւանում» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութիւնը կը կամրջէ 1915 թուականի եւ Հալէպ քաղաքի ներկայ պատերազմական վիճակի պատճառով կրկին գաղթի ճանապարհը բռնած հայորդիններու կեանքը: Ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ սուրիացի ժողովուրդին պատուհասած աղէտը:

Ցուցահանդէսը այցելած եւ դիտած են դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ պատուաւոր հիւրեր: Ցուցադրութեան խորհրդաւորութիւնը կ՛ամբողջացնեն Ցոլեր Կարագուլեանի եւ «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի նորաստեղծ երաժշտական խումբի կողմէ մատուցուելիք երաժշտական կատարումները:

Scroll Up