Ցաւ եւ արցունք հայոց ողբերգութեան յիշատակին. Արաբ Լրագրող

Խտէյր Թահըր «Իլաֆ» ելեկտրոնային կայքէջին մէջ գրած է
– հայոց ողբերգութիւնը մարդկութեան ճակատին ամօթանքի դրոշմ է, մարդու կատարած վայրագութիւնը հանդէպ իր մարդ` եղբօր, եւ հայկական կոտորածները պատմութեան մէջ սեւ էջեր են:
Երբ Իրաք կ’ապրէի հայերուն մասին բան չէի գիտեր թէեւ անոնց մասին լսած էի, քանի որ Պաղտատի մէջ շրջաններ կային իրենց անունով կոչուած էին ըսեմ նաեւ, որ չէի գիտեր անոնք քրիտոնեայ են..
Ես կ’ապրէի իմ նեղ դաւանանքային համապարփակ կեանքով, տեղեկութիւններ չունէի երկրիս մէջ գոյութիւն ունեցող այլ դաւանանքներու եւ կրօններու մասին:
Եբր հեռացայ Իրաքէն դէպի այլ պատմական երկիր տակաւին գաղափար չունէի հայերու մասին: Օր մը երբ նստած կ’ընթրէի ճաշարանի մը մէջ լսեցի օտար երաժշտութիւն, որ շատ յուզական կը թուէր, հարցուցի ճաշարանի տիրոջ այդ երգին մասին ան պատասխանեց, որ ասիկա հայկական երաժշտութիւն է, «իսկ գիտէք թէ ով են հայերը», հարցուց ճաշարանին տէրը: Այո պատասխանեցի նկատի ունէի, որ լսած եմ անոնց անունը:
Ժամանակ մը անց երբ նեղ համապարփակ դաւանանքային կեանքէս դուրս եկայ գիտակցեցայ, որ անոր հարցումին միտքը հետեւեալն էր «լսած էիր հայոց ողբերգութեան մասին»:
Ճանչնալով ուրիշներ, զարմանքով իմացայ հայերուն դէմ գործադրուած ոճիրները: Իմ երկրիս Իրաքի մէջ ապրեցայ արմատախիլ ըլլալու փորձութիւնը, երբ Քուէյթի պատերազմէն ետք նախկին վարչակարգի զօրքերը յարձակում գործեցին մեր քաղաքներուն վրայ, դառն փորձութիւն մըն էր, որուն ընթացքին զգացինք ապահով կեանքի արժէքը:
Ցաւ եւ արցունք հայոց ողբերգութեան յիշատակին, եւ մարդկային անհուն սէր անոնց հանդէպ: