Սիտնէյի վիրաբոյժ Ռաֆֆի Քասապեանի առաքելութիւնը կեանքեր փրկել Հայաստանի մէջ

10 տարի առաջ նախքան իր առաջին ուղեւորութիւնը Հայաստան, Ռաֆֆի Քասապեան երբեք չէր պատկերացներ, որ  մարդկային կեանքեր փրկելն ու երիտասարդ վիրաբոյժներ դաստիարակելը  այնքան դժուար կ’ըլլայ:

Վերջին տաս տարուան ընթացքին  բժիշկ Քասապեան տարին երկու անգամ կ’այցելէ իր ծնողներու հարազատ Հայաստանը, որպէսզի կատարէ կեանք փրկող «Endovascular» վիրահատութիւններ, որոնք կը ներառեն վնասուած արեան անօթներու վերականգնում, ինչն ալ իր հերթին կը կանխէ սրտի կաթուածներ ու քաղցկեղներ:

Բժիշկ Քասապեան ծնած է Աւստրալիոյ մէջ հայկական ընտանիքի մէջ, մեծնալուն ներշնչուած է ընտանիքի մշակոյթի ուժեղ զգացումով: «Երբ ես առաջին անգամ գացի այնտեղ (2004-ին),  ինծի փայլուն զրահով ասպետ կը պատկերացնէի, որ կը պատրաստուի ներանօթային բուժում իրականացնել Հայաստանի մէջ», – ըսած է ան:

Սակայն անոր վեհ նպատակները արագ ցրուեցան, երբ ուսումնասիրեց, թէ ինչ ծաւալուն առաջադրանք դրուած է իր առջեւ:

«Կայ երկու տեսակի անօթային վիրաբուժութիւն,  բաց վիրահատութիւն, ուր մենք կ’ընենք մեծ, բաց կտրուածքներ եւ էնդովասկուլեար` ներանօթային վիրահատութիւն», – ըսած է ան: «Բայց ես ցնցուած էի, որովհետեւ անոնք
նոյնիսկ բաց վիրաբուժութեան հմտութիւններ չունէին»: «Շատ արագ հասկցայ, որ  այդ մարդիկ բաց անօթներու վիրահատական մշտական ծառայութեան կարիք ունին»: Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին բժիշկ Քասապեան քննած է  2000 հիւանդի եւ վիրահատած 150-ի , ինչպէս նաեւ սորվեցուցած է հայ  վիրաբոյժ Էդուարդ Աղիյեանին, որ օգնէ բուժարան ղեկավարելու հարցին մէջ: «Էդուարդը կ’երազէ դառնալ անօթային վիրաբոյժ եւ բարելաւէ  անօթային վիրաբուժութեան վիճակը Հայաստանի մէջ», – ըսած է ան:

«Էական տարբերութիւն կը զգացուի այն ժամանակ,  երբ Էդուարդը ունենայ իր վերապատրաստուողները»:

Բժիշկ Քասապեան ըսած է, որ կանոնաւոր ուղեւորութիւններ կատարելով Հայաստան ան տարեկան կը կորսնցնէ մօտ  100,000 տոլարի աշխատավարձ: Ջանքերը, սակայն, արժեն այդ կորուստը,  իբրեւ վիրաբոյժ ան մետալ  ստացած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն  երկրի բժշկութեան ոլորտին մէջ ներդրած իր աւանդին համար:

Բժիշկ Քասապեան ըսած է, որ  յաճախակի ճամփորդութիւնները  Հայաստան օգնած են իրեն  ետ դառնալու  իր արմատները եւ կապ հաստատելու  հայրենակիցներուն հետ: «Ես կը ստանամ բաւարարուածութեան հսկայական զգացում», – ըսած է ան:

Անոր երազանքն է հիմնել անօթային վիրաբուժութեան դպրոց եւ  բժիշկներուն հրաւիրել Աւստրալիա վերապատրաստման:

interpress.am

Scroll Up