ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Արի Տուն 2013» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլի Բացումը

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2013 թթ. ծրագիրի երկրորդ փուլի բացումը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ջիլաւեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ընտանիքներուն ջերմ ընդունելութեան համար, կարեւոր նկատեց անոնց դերը «Արի տուն»  ծրագիրի կայացման գործին:

Ծրագիրը ներկայացուց Համահայկական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան:

Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջունեցին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Կարապետեանը, հիւրընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչները, Հայաստան ժամանած խումբերու ղեկավարները:

Իր ելոյթին մէջ Շէնգաւիթ վարչական շրջանի բնակիչ, 11 երեխայի մայր  Գոհար Աւետիսեան նշեց, որ հիւընկալած է մէկ երեխայ եւ կը պատրաստուի յաջորդ փուլերուն եւս երեխայ հիւրընկալել:

Ելոյթ ունեցան նաեւ ծրագիրի մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն` ծրագիրին ընդգրկուելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Անոնք հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու ասմունքով:

«Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի մասնակցութեան յայտ   ներկայացուցած էր 96 երիտասարդ աշխարհի 10 երկրէ: Այս փուլի ընթացքին եւս անոնց համար Ստ. Շահումեանի անուան դպրոցին մէջ պիտի կազմակերպուին հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ: Ծրագիրի վերջին 4 օրերը սփիւռքահայ պատանիները կ’ունենան ճամբարային ծրագիր, Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ, ուր պիտի կազմակերպուի հանգիստի, ժամանցի եւ ճանաչողական ձեռնարկներու ծրագիր, հանդիպումներ պետական այրերու, մշակոյթի անուանի գործիչներու հետ, պիտի կազմակերպուին ազգային երգի ու պարի, հայրենագիտութեան դասեր, մարզումներ, մարզական այլ ձեռնարկներ:

Scroll Up