Թուրքիան կ’աջակցի Սուրիոյ Ահաբեկիչներուն

Սուրիական ՍԱՆԱ կայքը «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ կը գրէ, որ «Թուրքիոյ վրայ յարձակման» քննչական գործի արդիւնքով բացայայտուած են, հեռախօսազանգերու ձայնագրութիւններ, ուր յայտնի կը դառնայ թրքական Ռէյհանիէ քաղաքին մէջ սուրիացի կանանց սեռական շահագործման հարցը, նաեւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան համակարգի` եւ մահմետական եղբայրութեան համակարգի ոստիկանութեան աջակցութիւնը Ալյումինի փոշիի մուտքը դէպի Սուրիա, որ կ’օգտագործուի պայթուցիկներ պատրաստելու:
ՍԱՆԱ-ն կը գրէ ըստ Հուրիէթ թրքական թերթին, հեռախօսազանգերու ձայնագրութիւններէն կ’ապացուցուի, որ Իսքետերոնի Էլ Ռէյհանա քաղաքին մէջ սուրիացի կանանց թրաֆիքինկ տեղի կ’ունենայ, ձայնագրութիւններէն մէկուն մէջ պարզ կը դառնայ 16 տարեկան սուրիացի աղջկայ մը վաճառքը քաղաքի բժիշկներէն մէկուն:
Թրքական թերթը կը բացայայտէ նաեւ, որ Իսքենտերոնի Եայլատաղի քաղաքի ոստիկանատան մէջ, թուրք ոստիկան մը կ’աջակցի ղեկավարին հետ «Սուրիոյ մէջ թուրքմէններու հաւաք»-ի, որ մաքսանենգութեամբ փոխադրած են 50 քկ Ալյումինէ փոշի Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն յանձնելու համար: Թերթ կը նշէ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ «Օլոքիշլա» քաղաքի զինուած յարձակման քննչական գործին մէջ կը բացայայտուին հետաքրքրական տեղեկութիւններ, թրաֆիքինկի եւ մաքսանենգութեան հարցերու շուրջ:
Թերթը կը շեշտէ, Թուրքիոյ ոստիկանութեան եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ակնաւոր դերը Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու աջակցութեան՝ թէ ֆինանսական, թէ զէնքի եւ ահաբեկիչներու մուտքի հեշտացման գործին մէջ:
Ձայնագրութիւններուն մէջ մեծ թիւով հեռախօսազրոյցներ կան Իհան Օրլի անունով վերը նշուած հաւաքի պատասխանատուներէն մէկուն, Եայլատաղի ոստիկաններուն հետ, ուր օգնութիւն կը խնդրէ Ալեմինիումի փախադրութեան հարցով:
Այս տեղեկութիւնները կը ներառուին մամլոյ մէջ ուսումնասիրութիւններու շարքին, զէնքի եւ զինամթերքի փոխադրութիւնը Թուրքիայէն կազմակերպուած ձեւով եւ Թուրքիոյ հետախուզական գործակալութեան հսկողութեան ներքոյ, դէպի Սուրիա ահաբեկիչներու օգտին:
ԱՄՆ-ի հետախուզական գործակալութեան ղեկավար`Ճէյմս Քլապր պարզած էր, Թուրքիոյ կառավարութեան ահաբեկիչներու մուտքը դէպի Սուրիա հեշտացնելու գործընթացը:
Թարգմանութիւնը` «Հայերն այսօրի»