Եւրոտեսիլի Մասնակիցը Արաքս Մանսուրեանին՝ Շնորհակալութիւն, որ Իրականացուցիք Երազանքս

“Genealogy” խումբի հինգերորդ մասնակից, Աւստրալիա աշխարհամասը ներկայացնող օպերային երգչուհի Մերի-Ճին Օ’տոհերթի Պասմաճեանը սանն է ճանչցուած օպերային երգչուհի Արաքս Մանսուրեանի, որ ներկայացուցած է Մերի-Ճինի թեկնածութիւնը:
“Հայերն Այսօր”-ի հետ զրոյցին Արաքս Մանսուրեանը պատմեց հետեւեալը. «2006 թուականին ինծի հեռաձայնեց Մերի-Ճինի մայրը, պատմեց իր աղջկայ մասին, որ այն ժամանակ Գարոլինայի համալսարանի ուսանող էր եւ ըսաւ, շատ կը ցանկայ, որ աշակերտս ըլլայ: Ես համաձայնեցայ եւ Մերի-Ճինը եկաւ Աւստրալիա: Ան զիս զարմացուց, իր տաղանդաւ եւ երգեցողութեան հանդէպ ունեցած “քաղցով”: Կը դասաւանդէի շաբաթը 2-3 անգամ: Երկու տարի ետք` 2008 թուականին Մերին մրցանակ շահեցաւ եւ գնաց Անգլիա ուսանելու: Մերի-Ճինը Քարտիֆի միջազգային ակադեմիայի մէջ եղած է Տենիս Օ’նէյլի սանը, որուն հետ ես երգած եմ:
Հիմա մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի skype-ով: Կը հաւատամ, որ Հայաստանի մէջ “ճակատս բաց” կ’ըլլայ, երբ ան մեր երկիրը ներկայացնէ Եւրոտեսիլի այս տարուան պատասխանատու մրցոյթին”: Մերի Ճինի հայերէն իմացութեան մասին հարցին Արաքս Մանսուրեան պատասխանեց,- “Ցաւօք, ան միայն մի քանի հայերէն բառ գիտէ: Սորված ենք Կոմիտասի “Քելէ, քել-ն”, որ շատ գեղեցիկ կ’երգէ:
“Իսկ այսօր Հայաստանէն շատ յուզուած հեռաձայնեց ու լալով պատմեց, թէ ինչ զգացողութիւններ ունեցած է, երբ այցելած է Կոմիտասի թանգարան: Ան ինծի բառացիօրէն ըսաւ,- “Երբ այսօր ծանօթացայ Կոմիտասին, տեսայ անոր նոտաները, ձեռագիրները, հասկցայ անոր մեծութիւնը, երաժշտութեան խորութիւնը: Ինքզինքս այնչափ երջանիկ կը զգամ, որ կրցայ իրականացնել երազանքս ու հիմա Հայաստան եմ: Շնորհակալ եմ, որ իրականացուցիք երազանքս:” “Գիտէք, շատ յուզուած էր, այնչափ տպաւորուած: Իսկ ես կը հիանամ, որ ան Հայաստանի մէջ չապրելով, այդքան հայեցի ոգի ունի: Ծանօթ է իր անցեալին, իր նախնիներու պատմութեան: Ու այդ բոլորը կը պատմէր ինծի դեռ տարիներ առաջ: Իսկ ես կը մտածէի` հայերէն չի գիտեր, բայց գիտէ իր պատմութիւնը:
“Եւ այսօր, երբ զգացի, թէ ինչպիսի յուզումով կը պատմէր ինծի հետ կը խօսէր, ըսի, որ կ’ափսոսամ, որ քեզի հետ հայերէն չեմ խօսիր: Իսկ ան հարցուց` կրնա՞ք սորվեցնել, ըսի` սիրով: Հիմա, ամէն դասի ժամանակ պէտք է նաեւ մի քանի հայերէն բառ սորվինք…