«Միմի Հայաստանի սպիտակ վարդը» Ապտուլ Ազիզ ալ Սամահիի պատմուածքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Mimi.jpg)
Ապտուլ Ազիզ ալ Սամահին եգիպտացի գրող եւ նկարիչ, Եգիպտոսի գրողներու միութեան եւ նկարիչներու միութեան անդամ, հրատարակած է 4 գիրք, որոնցմէ վերջինը`«Միմի Հայաստանի սպիտակ վարդը» հայ աղջկան մը պատմութիւնն է: Վերջերս Ալ-Աուրաք հրատարակչութեան մէջ լոյս տեսաւ Ապտուլ ալ-Ազիզ ալ-Սամահիի «Միմի Հայաստանի սպիտակ վարդը» (ميمي زهرة أرمينيا البيضاء) պատմուածքը:
Այս հրաշալի աշխատութիւնը կը ներկայացնէ հայոց կտտանքները, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած ջարդերը եւ հայ ժողովուրդի գաղթը դէպի Սուրիա, Յորդանան, Լիբանան եւ այլուր: Պատմուածքը կը ներկայացնէ թէ ինչպէս թուրք զինուորները կը յարձակին հայ ընտանիքի մը վրայ եւ տաժանակիր գաղթի կ’ենթարկեն մինչեւ Սուրիական անապատ, իսկ տարիներ անց` Եգիպտոս:
Հարկ է նշել, որ հայերը առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ենթարկուած են ինչպէս ընդունուած է անուանել Հրկիզման կամ Մեծ եղեռնի, եւ այն կը համարուի նորագոյն պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը, որ կը նոյնացուի ցեղային ոչնչացման, սակայն թուրք կառավարութիւնը առ այսօր կը շարունակէ հերքել այդ ոճրագործութիւնը: Ապտուլ Ազիզ Ալ Սամահին գիրքին կողքին վրայ գրած է , «Մայրս իր խոհարարական տաղանդը ժառանգած էր իր մեծմօրմէ. ան նաեւ վարպետ էր կարկանդակ պատրաստելու եւ ձեւաւորելու հարցին մէջ, որուն մէկ բաժինը ան միշտ կը նուիրէր մեր մուսուլման հարեւանուհիին: Կը յիշեմ վերջին գիշերը, երբ բոլորս հաւաքուած ընթրիքի սեղանի շուրջ, կը նշէինք եղբօրս ծնունդը: Այդ գիշեր թուրք զինուորները ներխուժեցին մեր քաղաք եւ ջարդուփշուր ըրին բոլորի տուները…
Կը յիշեմ մօրս պատրաստած կարկանդակը անոնց ոտքերուն տակ…: Այդ օրուընէ սկսաւ մեր գաղթը դէպի սուրիական անապատ եւ տարիներ ետք դէպի Եգիպտոս»: Առիթով մը Ալսամահին արտայայտուած է , թէ ինչպէս եւ ինչ պատճառներով որոշած է գրել այս վէպը, նշած է , որ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը արաբական աշխարհին եւ իսլամական հարցերուն հանդէպ, ստիպած է զինք անգամ մը եւս կարդալու Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ աւելի հետաքրքրուելու մարդկութեան դէմ անոր գործած յանցագործութիւններուն մասին:
Թարգմանութիւնը` «Հայերն այսօրի»