Յունաստանը Խափանեց “Թալաթ Փաշա Կոմիտէ”ի Ցեղասպանութեան ժխտման Հնարքը Աթէնքի Մէջ

Թրքական Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքը անցեալ շաբաթ չյաջողեցաւ  Յունաստանի մէջ կրկնել տասը տարի առաջ Զուիցերիոյ մէջ իր կազմակերպած ժխտողական խաղը:  Փերինչեքը ծրագրած էր իր սրբապիղծ “Թալէաթ փաշա կոմիտէ”ի անդամներուն հետ միասին մեկնիլ Աթէնք` վիճարկելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող վերջերս ընդունուած յունական օրէնքը: Ան կ՛երազէր “հերոս’ դառնալ` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Յունաստանի դէմ հայց ներկայացնելով` օրէնքը խախտելու պատճառով ակնկալուող ձերբակալութենէն ետք:

Դեռ 2005 թուականին, Զուիցերիոյ ոստիկանութեան կողմէ կալանաւորուելէն ետք, Փերինչեքը մեղաւոր ճանչցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար: Երբ Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանը (Գերագոյն դատարանը) հաստատեց անոր պատիժը, Փերինչեքը 2008-ին դատավճիռը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ): 2013-ի Դեկտեմբեր 17-ին ՄԻԵԴ-ի եօթը դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին յօգուտ Փերինչեքի` պնդելով, որ Զուիցերիոյ դատարանները խախտած են անոր խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Երեք ամիս անց Զուիցերիան ՄԻԵԴ-ի սխալ որոշումը բողոքարկեց դատարանի 17 անդամներէ բաղկացած Մեծ պալատին մօտ, որ կը նախատեսէ 2015-ի Յունուար 28-ին վերաքննել աւելի առաջ ընդունուած դատավճիռը:

Բարեբախտաբար, Փերինչեքի ծրագրած հնարքը Յունաստանի մէջ բազմաթիւ արգելքներու հանդիպեցաւ…  Նախ սկսինք անկէ, որ ան չէր կրնար Թուրքիայէն դուրս գալ, քանի որ անոր վրայ ճամբորդական արգելք սահմանուած էր բանտէն պայմանական ազատելէն ետք` դաւադրութեան մասնակից ըլլալուն համար:  Երբ առանց անոր իր կուսակցութեան 13 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ժամանեց Աթէնքի օդակայան, Յունաստանի իշխանութիւնները խելամտօրէն որոշեցին խումբը վտարել Թուրքիա, քան թէ տեսարան սարքել` զանոնք ձերբակալելով:  Յունական ոստիկանութիւնը որպէս պատճառաբանութիւն օգտագործեց թուրք այցելուներու ճամբորդական փաստաթուղթերուն օրինաւոր չըլլալուն փաստը:

 Պոլիս վերադառնալէն ետք արտաքսուած թուրքերը իրենց կուսակիցներուն կողմէ հռչակուեցան որպէս “հերոսներ”: Փերինչեքը անմիջապէս մեղադրեց նախագահ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլուն` իրենց “չափազանց խայտառակ որոշման” համար, որով կանխեցին անոր Յունաստան մեկնիլը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար: Փերինչեքի հետեւորդները նաեւ մեղադրեցին Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Քերիմ Ուրասը` յունական կառավարութեան հետ դաւադրութեան մէջ` խոչընդոտելով իրենց առաքելութիւնը: Ի պատասխան` թուրք դեսպան Քերիմ Ուրասը մեղադրեց “Թալէաթ փաշա կոմիտէ”ի անդամները` իրենց սեփական ծրագիրները խանգարելու յանցանքով, անոնց մասին նախօրօք յայտարարելով, հակառակ դեսպանի յորդորին` անաղմուկ ժամանելու Աթէնք եւ միայն այնտեղ հասնելէն ետք յայտարարութեամբ հանդէս գալու…  Ուրասը աւելցուց, որ թրքական պատուիրակութեան վաղաժամ հրապարակային յայտարարութիւններուն պատճառով յունահայ համայնքը Աթէնքի մէջ բողոքի ցոյցի նախապատրաստուած էր անոնց դէմ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն պաշտպանեց Փերինչեքի` Յունաստան մեկնելու վերաբերեալ դատարանի արգելքը: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ Չաւուշօղլուն հերքեց Փերինչեքի մեղադրանքը, թէ Անգարան փորձած է խոչընդոտել իր կոմիտէին ուղեւորութիւնը դէպի Յունաստան: Սակայն Փերինչեքին շատ աւելի կարեւոր ուղեւորութիւն կը սպասուի Յունուար 28-ին, երբ կ՛ակնկալուի, որ ան ներկայ գտնուի իր գործով Զուիցերիոյ բողոքարկման դատական նիստին ՄԻԵԴ-ի մէջ, Սթրազպուրկ: Թէեւ Փերինչեքի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին Չաւուշօղլուն ըսած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չ՛առարկեր անոր Սթրազպուրկ մեկնելուն, սակայն արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած էր, որ Փերինչեքի ճամբորդական արգելքի վերացման վերջնական որոշումը դրուած է Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին վրայ: Անգարան այժմ պէտք է հակակշռէ իշխող կուսակցութեան դէմ ծայրայեղ ազգայնական քննադատին աճող հեղինակութեան վնասը` ընդդէմ մոլեռանդ ժխտողականին աջակցելու առաւելութեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ընթացքին:

Թրքական եւ միջազգային լրատուամիջոցները լայնօրէն տարածեցին նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ իմ հաղորդած հրատապ լուրը, որով բացայայտուած էր, որ Ամալ Քլունին Ճեֆրի Ռոպըրթսընի եւ այլ ակնառու փաստաբաններու հետ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ՄԻԵԴ-ի Յունուար 28-ի դատական նիստին: Տիկին Քլունիի այս դատական գործին ներգրաւուածութեան լուրը տարօրինակ արձագանգի արժանացաւ Փերինչեքի կողմէ, որ թրքական մամուլին ըսաւ. “Տիկինը կրնայ մասնակցիլ դատական նիստին, բայց եթէ անգամ Յիսուսի կինն ալ գայ, միեւնոյն է, յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն չունի”…

Իմ վերջին յօդուածէս ետք քանի մը ընթերցողներ մատնանշած էին անծանօթ ընտանեկան կապը տիկին Քլունիի (Ամալ Ռամզի Ալամուտին) եւ զուիցերիացի նշանաւոր միսիոներ «Պապա” Ճաքոպ Քունցլերի միջեւ, որ յայտնի է որպէս “հայ որբերու հայր”: Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը, 25 տարի շարունակ Քունցլերը եւ անոր կինը ջանասիրաբար օգնած են հայ համայնքին, Ուրֆայի մէջ: Այնուհետեւ, 1920-ականներուն Քունցլեր ամուսինները սկսած են աշխատիլ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի համար` տարհանելով հազարաւոր հայ որբեր Թուրքիայէն դէպի Ղազիր, Լիբանան, ուր հայ աղջիկները գործած էին հանրայայտ  “Սպիտակ տան գորգը”, որ 1925 թուականին նուիրաբերուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճին: Քունզլերի դուստր Իտան ամուսնացած է Ամալի պապիկին` Խալիլ Ալամուտինի զարմիկ Նաժիպ Ալամուտինի հետ: 1970-ին Իտա Քունցլերը հրատարակած է ուշագրաւ գիրք մը իր հօր անձնուէր մարդասիրական գործունէութեան մասին` “Պապա Քունցլերը եւ հայերը” խորագիրով:

Յարութ Սասունեան

 “Քալիֆորնիա Քուրիըր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up