Դաւիթաշէնի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սուրիահայերու Համար Կառուցուող Բազմաբնակարան Շէնքի Հիմնարկէքը (տեսանիւթ)

Երեւանի Դաւիթաշէն վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու համար կառուցուող` սոցիալական նշանակութեան բազմաբնակարան շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Դաւիթաշէն վարչական շրջանի ղեկավարը, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ, սուրիահայեր: Նշենք, որ շէնքի շինարարութիւնը կ’իրականացնէ «Խարբերտշին» ՓԲԸ-ն, ճարտարապետն է Ա. Աճեմեան: 4 ամիս առաջ սկսած շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2016-ին: Կառուցուելիք 14 յարկանի շէնքը նախատեսուած է 78 ընտանիքի համար: «Օգնիր
եղբօրդ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանի խօսքով` սուրիահայերը այստեղ բնակարաններ կրնան ձեռք բերել արժէքէն աւելի ցած գիներով: Շէնքը արդէն ունի 3 տասնեակէ աւելի շահառու:
Մանրամասները` yerkir.am-ի տեսանիւթին մէջ: