ՀՀ Նախագահական Պալատը Հիւրընկալած է Սահմանամերձ Գիւղերու եւ Սուրիահայ Ընտանիքներու Փոքրիկներ

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ այսօր հիւրընկալուած են սահմանամերձ շարք մը գիւղերու` Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ, Վահան, Վայոց Ձորի մարզի Խնձորուտ, Բարձրունի, Խաչիկ, Սէրս, Արարատի մարզի` Երասխ, Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան, Բերդաւան, Դովեղ, Բաղանիս գիւղերու երեխաներ եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ փոքրիկները: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի նստավայրի լրատուական բաժինէն:

Սահմանամերձ համայնքներէն փոքրիկները մայրաքաղաք  ժամանած են մէկ օր առաջ եւ Նախագահի նստավայրին մէջ տօնական հանդիսութեան մասնակցելէն բացի, անոնց համար կազմակերպուած է մշակութային լրացուցիչ ծրագիր` այցելութիւն Հայաստանի պատմութեան եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարաններ:

Տօնական հանդիսութիւնները փոքրիկներու համար Նախագահի նստավայրին մէջ պիտի շարունակուին նաեւ վաղը. այնտեղ պիտի հիւրընկալուին զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներու, արցախեան ազատամարտի մասնակից վեթերաններու եւ զինուորական ծառայողներու փոքրիկներն ու թոռնիկները, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն, ինչպէս նաեւ սահմանափակ կարողութիւններով (հաշմանդամ) փոքրիկներ:

Scroll Up