Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդը Պաշար Ալ Ասատի Հետ Հանդիպման Խօսած Է Ցեղասպանութեան Տարելիցին Մասին

Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատը Դեկտեմբեր 21ին ընդունած է իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնական առաջնորդները:
Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատի հետ հանդիպման ժամանակ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նախագահին` ընդունելութեան համար: Սրբազանը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին եւ կարեւոր համարած Սուրիոյ արաբ ժողովուրդի մարդասէր եւ փրկարար դերը Մեծ եղեռնի տարիներուն:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով սուրիական Սանա գործակալութիւնը, կրօնական առաջնորդները նախագահին այցելած էին Կրօնի նախարարութեան ամէնամեայ համաժողովէն ետք: Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ասատ նշած է, որ նման հանդիպումները մեծ նշանակութիւն ունին ազգային եւ
պատմական մակարդակի վրայ եւ կ’արտացոլեն սուրիական հասարակութեան ուժն ու միասնականութիւնը իրենց ողջ կրօնական եւ ցեղային հարստութեամբ, որ հայրենիքի տոկունութեան հիմքերէն մէկն է դաժան պատերազմին:
Ասատ նաեւ նշած է, որ սուրիացիներու գիտակցումը, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, նոր դռներ կը բանայ կրօնական գործունէութեան համար, ինչ որ պէտք է ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահէ տարբերութիւնները ոչնչացնող կրօնամոլութեան եւ իրական իսլամի միջեւ, որ հիմնուած է բարոյականութեան, սիրոյ, համագործակցութեան եւ հանդուրժողականութեան վրայ: Նախագահը կարեւոր նկատած է ատոնց դերը ազգային հաշտեցման ամրապնդման հարցին մէջ:
Մասնակիցները իրենց հերթին հաւաստիացուցած են, որ Սուրիան կը մնայ մշակութային բազմազանութեան, ազգի միասնականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վառ օրինակ, որ կը մերժէ ազգին օտար ծայրահեղական գաղափարները: