Տեղի Ունեցաւ «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի ՄԷջ» Ամանորեայ Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառը

Դեկտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» ամանորեայ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի բացման արարողութիւնը:
Թիւով 8-րդ տօնավաճառին կը մասնակցէին ձեռագործի սուրիահայ վարպետներ եւ հրուշակագործներ: Իրենց ապրանքատեսակները ներկայացուցին նաեւ Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնած սուրիահայեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Յաջողութիւն մաղթելով ցուցահանդէսի մասնակիցներուն` ան մասնաւորապէս նշեց. «Դուք ձեր հայրենիքում էք, ձեր հողի վրայ եւ ձեր տանը, եւ մենք անում ենք ամէն ինչ, որպէսզի դուք զարգացնէք ձեր գործը, կատարելագործէք ձեր հմտութիւններն ու նոր ձեռքբերումներ եւ նոր ստեղծագործական մտահաղացումներ կեանքի կոչէք»:
Նախարարը շնորհաւորեց գալիք Ամանորին առթիւ` մաղթելով, որ այն ըլլայ մեր ազգի, մեր ժողովուրդի, մեր պետութեան վերածնունդի, զարգացման եւ յառաջընթացի տարի: