Հարիւր Տարի Առաջուան Մեր Համաքաղաքացիները. Թուրք Յօդուածագիրին Անդրադարձը
3.000 տարիէն աւելի պատմութիւն ունեցող, հելլէնիստական, յունական, բիւզանդական եւ օսմանեան քաղաքակրթութիւններու հանգրուան եղած այս քաղաքին մէջ եթէ հողին դպչիք, պատմութիւն կը յորդի: Իզմիթի վերին թաղամասերուն մէջ եթէ պտտիք, դուք ձեզի 100 տարի առաջուան օսմանեան քաղաքին մէջ կը զգաք, սակայն այժմ այդ զգացողութիւնը քիչ-քիչ կ՛անհետանայ. Կը գրէ «Օզկիւր Քոճայելի” պարբերականի թուրք յօդուածագիր Ալի Կիւնտողտուն:
Իզմիթցի լուսանկարիչ Ֆահրի Սէյրէքի` ծովէն քաղաքը առնուած լուսանկարը երբ ուշադիր զննես Աքրաքոճայ, Օրհան, Հաճի Հասան, Վելի Ահմեթ, Չուքուրպաղ թաղամասերու նրբաճաշակ շինութիւնները եւ ու առանձնատները մէկ առ մէկ կը հաշուէք, կը գրէ ան եւ կ՛աւելցնէ. «Նոյն կէտէն եթէ այսօր նայիք, կը տեսնէք, որ 60-70 տարի առաջ գոյութիւն ունեցած այդ տուները մէկ առ մէկ վերացած են”:
Tert.am-ը թուրք յօդուածագրին յօդուածը կը ներկայացնէ ստորեւ.
«Ինչո՞ւ: Ի հարկէ անտէրութենէն: Տարիներու ընթացքին ինչքան տուներ այրուեցան եւ քանդուեցան, եւ ոչ ոք տէր եղաւ:
“Իզմիթի պատմութեան պահպանութեան համար տարիներ շարունակ ես ինծի կը տանջեմ, սակայն այժմ կը տեսնեմ, որ պատմութիւն ալ չէ մնացած:
“Այժմ կը ցանկանամ ներկայացնել նախկին քանի մը իզմիթցիները.
Ազար Ազարեանի յուղարկաւորութիւնը
Հին Իզմիթի մէջ իսլամներուն չափ այլադաւան իզմիթցիներ ալ կային: Անոնք ալ ծնած եւ մեծացած էին Իզմիթի մէջ:
Այս լուսանկարը առնուած է 1917-ին: Հանգուցեալ Ազար Ազարեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնն է: Հայկական սովորոյթներու համաձայն` յուղարկաւորելէն առաջ հանգուցեալին դէմքը բաց կ՛ըլլար: Հիմա կը հարցնէք` դիակին կողքին կը լուսանկարուի՞ն: Ուրեմն հիմա պատահած է, եւ այդ լուսանկարը հասած է մինչեւ մեր օրերը:
Մաքրամաքուր իզմիթցի ընտանիք մը
Այս լուսանկարը Իզմիթի ով գիտէ, թէ որ թաղամասին մէջ նկարուած է: Նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ որոնք են այս լուսանկարին մէջ: գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ է: Այն ժամանակ մաս-մաքուր, հանդարտ Իզմիթի մէջ լուսանկարչական խցիկին առջեւ այս դիրքով լուսանկարուողներէն այժմ կենդանի մնացողներ կա՞ն արդեօք:
Օհաննէս Մամեան
Իզմիթի ամէնէն ունեւոր անձնաւորութիւններէն հայ Օհաննէս Մամեանը եւ ընտանիքը` մանղալի վրայ սուրճ պատրաստելու ատեն: 1914-ին: Այս ընտանիքին թոռները այժմ Աստուած գիտէ, թէ աշխարհի որ անկիւնին մէջ են: Արդեօք այս լուսանկարը անոնք ունի՞ն…