Յուշեր Նիկոլ Աղբալեանի գրաբարի դասէն

Աւարտած էր արդէն Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը եւ 1946-ի աշնան մենք դարձեր էինք “Հայ Ճեմարան”ի լսարանի ուսանողներ, թիւով տասը եւ մեծամասնութեամբ Պուրճ Համուտէն, Մար Մըխայլէն եւ Էշրէֆիէէն:

Օրին, երբ հանրակառքը օձապտոյտ կը սողար վար` դէպի Պապ-Էտրիս, աշակերտներս, տակաւին ընթացքի մէջ եղող հանրակառքէն դուրս կը ցատկէինք ճիշտ “Capucin”-ներու եկեղեցւոյ առջեւ եւ ճամբան կտրելով կը մտնէինք Հրէաբնակ “Ուատի Ապու Ճեմիլ” կոչուող թաղամասը: Կը քալէինք այնուհետեւ արագ-արագ եւ մօտ երեք հարիւր մէթր կտրելով կը հասնէինք դպրոց, համարեայ թաղի վերջաւորութեան:

Դասաւանդութիւնը սկսելէն կէս ժամ առաջ դպրոցի պատշգամը կ’ըլլայինք` դիտելու համար մեր ուսուցիչներուն ժամանումը: Ընդհանրապէս վերջին հասնողը կ’ըլլար գրաբարի եւ գրականութեան մեր սիրելի ուսուցիչը` Ն. Աղբալեան: Հեռու տեղէ չէ որ կու գար ան. իր բնակարանը կը գտնուէր Ճեմարանի հարեւանութեամբ` դէմ-դիմաց, բաժնուած փողոցով մը: Իր ժամանման պահը մեզի յայտնի էր, եւ մենք զիրար հրմշտկելով, մէկս միւսի ուսը բարձրանալով, իւրաքանչիւրս մեզմէ կ’ուզէր առաջինը տեսնել զինք: Ու Ն. Աղբալեան, սրճագոյն վերարկուն ուսը նետած, մի քանի գիրքեր թեւին տակ, յամրաքայլ կը բարձրանար շէնքի առաջին աստիճաններէն: Այնուհետեւ, քալելու էր փոքր հեռաւորութիւն մը եւս` հասնելու համար դպրոցի շեմին: Տակաւին բարձրանալու էր ա՜յն 30-40 աստիճանները:

Ուսանողներս, այդ պահուն, իրար անցած, մէկը միւսին կը տրտնջար մրմռալով` թէ աթոռ մը յարկաւոր է իջեցնել վար ամեն անգամ, եւ չորս հոգիի օգնութեամբ  բարձրացնել զինք վեր: Սակայն, ան կը բարձրանար միշտ վեր, եւ մենք, այլեւս այդ “փրկարար աթոռ”ը մոռցած, դարձեալ զիրար հրմշտկելով, կը մօտենայինք դրան, այս անգամ աւելի մօտէն տեսնելու մեր առաքելատիպ ուսուցիչը: Ն. Աղբալեան, քաղցրահունչ “բարի լոյս” մը փոխանցելով զինք անհամբեր սպասողներուս, կը մտնէր ներս եւ ուղղուելով` կը գրաւէր իրեն համար պահ դրուած աթոռը:

Վերոնշեալ այդ երկու նիւթերու դասաւանդման ընթացքին, կլանուած ու հմայուած իր բացատրական եղանակով ու յայտնած իւրաքանչիւր միտքով, մենք դասը կ’աւարտէինք հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ եւ ամենայն լրջութեամբ:

Դասի ամբողջ տեւողութեան, ան ո՛չ միայն մեզի կը փոխանցէր Ս. Գիրքի բարոյական ուսմունքը, այլ նաեւ կը հարստացնէր զայն իր մտքի եւ հոգիի անսպառ հարստութեամբ:

Խոստովանիմ` որ մեր մէջ կային նաեւ “չար տղաք” եւս: Բայց ո՛վ կը համարձակէր դասը խանգարել, մանաւանդ քաջ իմանալով մեր աւագ ընկերներէն` թէ մեր  ուսուցիչը ամեն ինչ կը նշմարէ առանց իսկ շուրջը նայելու: Հետեւաբար`

Ն. Աղբալեանի դասը խոչընդոտել` բոլորովին բացառուած էր մեր մտքերէն:

Բայց այդ ինչպէ՞ս եղաւ, մեր “չար” տղոցմէ մէկը, արտասովոր միտք մը յղանալով բացականչեց` թէ ո՛վ ի վիճակի է լուսամուտի փայտեայ բեղկը հանել գրաբարի ժամուն: Տարօրինակ կերպով պատասխանը չուշացաւ, եւ Սահակը, դասարանի մեր հուժկու եւ թիկնեղ տղան, վարկեանական, առանց տատամսելու, պատասխանեց՝ թէ “այո, ես կը հանեմ այդ բեղկը”, առանց անդրադառնալու արարքի անկարելիութեան եւ հետեւանքին:

Ն. Աղբալեան ամպիոնի ետեւն է, եւ նստած՝ աչքերը յառած Ս. Գիրքին, կը մատուցանէ գրաբարի դասը: Սովորական ուշադրութեամբ, հետեւելով հանդերձ դասին՝ մեր նայուածքէն չէր խուսափեր մեր ընկերոջ “տքնաջան աշխատանքը”:

Սահակ Փեհլիվանեանը նստած կողքիս, պատուհանին կից, ձախ թեւը միշտ դուրսը, մեծ ջանքեր կը թափէր եւ կը փորձէր անդադար, գոնէ տեղէն շարժել փայտեայ այդ մեծ բեղկը: Երբ սրտատրոփ կը հետեւէինք իրեն եւ կը նկատէինք իր դէմքի յուսահատական նշանները, ահա՛ այս վայրկանին, Ն. Աղբալեան, մատնացոյց ընելով մեր ընկերոջ՝ կը հրաւիրէ որ կարդայ իր պարտականութիւնը: Շշմած էր դասարանը՝ թէ ինչպէս, առանց գլուխը վեր բարձրացնելու, մեր ուսուցիչը զգացած եւ հաւանաբար նշմարած էր Սահակին “բանով մը” զբաղած ըլլալը: Այժմ, մեր դասընկերը անակնկալի եկած, ձեռքը ներս քաշելով պատուհանէն, ի զուր կը փորձէր գտնել պարտականութեան իր տետրը: Ն. Աղբալեան, փոքր սպասումէ մը ետք, անշուշտ Սահակի անմխիթար վիճակին տեղեակ, ամենայն լրջութեամբ եւ առանց իսկ անոր նայելու, կը յարէ՝ թէ մի քանի վարկեանէն դարձեալ դասի է հանելու անոր: Բաւարարուած էինք բոլորս՝ ե՛ւ Սահակը ե՛ւ մենք, քանի դոյզն իսկ դիտողութեան չէինք արժանացած:

Մէկ ուրիշ անգամ, իմացեր էինք դպրոցի հերթապահուհի տիկին Գոհարէն, թէ

Ն. Աղբալեան անհանգստացեր է եւ հաւանաբար պտհտ բացակայ մի քանի շաբաթով: Աշակերտութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը, մտածելով որ այս բացակայութիւնը երկար պիտի տեւէ, գրաբարի իր պարտականութիւնը թերացած էր կատարելու, երբ, երկու շաբաթը չանցած, մեր ուսուցիչը, ի զարմանս բոլորիս` ներկայացաւ դպրոց:

Գրաբարի ժամն է. դասաւանդութիւնը պահ մը դադրեցնելէ ետք, Ն. Աղբալեան պահանջեց մեզմէ, որ կարգաւ կարդանք մեր պարտականութիւնը: Այս որոշման առաջ, անակնկալի էինք եկած բոլորս: Ու երբ, հինգ-վեց աշակերտներ, յաջորդաբար, իրենց զգացած ամօթէն ընկճուած կը խոստովանին թէ չեն կատարած իրենց պարտականութիւնը, Ն. Աղբալեան, լուռ ու թախծադէմ, կը փակէ Ս. Գիրքը եւ վշտալից նայուածքով կը յարէ աշակերտներուս` թէ ինք, տակաւին լրիւ չապաքինուած` շտապած էր իր պարտականութեան, եւ իրեն համար անըմբռնելի էր դասարանին ցուցաբերած անտարբերութիւնը: Ապա, հաւաքելով իր երկու գիրքերը, դանդաղ քայլերով կը հեռանայ դասարանէն` ձգելով մեզի հոգեպէս ընկճուած ու ամօթահար:

Ս. Գիրքի մէջ կը կարդանք թէ Քրիստոս, երբ կը խրատէր եւ բարի յորդորներ կուտար մարդկանց, ըսած է. “Սուրբ բանը մի´ տաք շուներուն, եւ ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ”:

Բայց, Ն. Աղբալեան իր անպարտաճանաչ աշակերտները չէր պատժեր երբեք, չէր հանդիմաներ, չէր մեղադրեր անգամ, այլ` քանի մը քաղցր խօսքերով կ’արթնցնէր անոնց մէջ ինքնագիտակցութեան զգացումը` այս պարագային պարտականութեան հանդէպ: Ան կը զգացնէր մեզի` թէ մարդ ունենալով թերութիւններ, եթէ դիմէ իր խղճմտանքին` գիտակցութեան ու արժանապատուութեան, կրնայ սրբագրել զանոնք անյապաղ: Մարդս համոզող, չարը բարիի վերադարձնող, կեանքի լուսեղէն ճանապարհը ցոյց տուող մեծ առաքեալն էր ան: Եւ մենք, ի տես իր մարդկային այս վեհ մօտեցումներուն, լուռ` մեր սրտերուն մէջ կամ խօսակցելով մեր մէջ կը յայտնէինք մեր անվերապահ համաձայնութիւնը իրեն:

Այս երկու յուշերուս վրայ, աւելորդ չեմ նկատեր երբեք աւելցնելու երկու վկայութիւններ եւս, որոնք կ’ընդգծեն մեր ուսուցչի անմոռաց յիշատակը:

Այսպէս, փոքր տարիքիս, ամառնային դպրոցական արձակուրդներս կ’անցնէի Պապ Իտրիսի “Ga-Ma” վաճառատան մէջ, որուն սեփականատէրն էր, դժբախտաբար վաղամեռիկ, Կարապետ Մատէնլեանը, ազնուական մի անձնաւորութիւն, որը այնքան սիրուած ու յարգուած էր շրջապատի բոլոր առեւտրականներու կողմէ: Անզուգական հայն էր ան. բառին բովանդակ իմաստով իսկական մարդը եւ միաժամանակ իսկական հայը: Երբ կը բաւարարուիմ ըսելով միայն թէ ան իսկական մարդն էր եւ իսկական հայը, ա՛լ աւելորդ կը նկատեմ յիշելու իր այլ՝ ա՛յն բոլոր արժանիքները, որոնց բերումով էր ահա՛, որ պրն. Մանուկ Արսլանեանը, Պէյրութ լոյս տեսնող “Ազդարար” շաբաթաթերթին տէրն ու գլխաւոր խմբագիրը, համարեայ ամեն Ուրբաթ օր, կէսօրէ առաջ, իր հերթական այցելութիւնը կուտար վարպետիս: Ներս կը մտնէր պատկառելի այս անձնաւորութիւնը՝ ունենալու համար մի քանի ժամուան վրայ երկարող սիրալիր խօսակցութիւն մը: Իսկ անդին, աթոռակի մը վրայ նստած, ես մտիկ կ’ընէի, սուսիկ-փուսիկ, այս ջերմ ու հետաքրքրական զրոյցը:

Ահա այս այցելութեան ընթացքին, երբ խօսքը կը դառնար Ճեմարանի եւ մասնաւորապէս Ն. Աղբալեանի տուած դասախօսութիւններու շուրջ, ես լաւ կը յիշեմ իր խօսքը, երբ որոշ ընդվզումով Մանուկ Արսլանեան կը կրկնէր՝ թէ Ն. Աղբալեանի դասախօսութիւններուն հարկաւոր է որ գտնուին ճեմարանական երեք ուսուցիչներ՝ գրի առնելու համար մեծ դասախօսի արտասանած իւրաքանչիւր բառը, նախադասութիւնը, եւ բոլոր մտքերը՝ փրկելու համար զանոնք ստոյգ կորուստէ, որովհետեւ, Ն. Աղբալեան, իր մտքի գոհարները ընդհանրապէս կը յայտնէր արտասանելով եւ ոչ թէ ընթեռնելով:

Ուրիշ անգամ, Երեւան ենք, եւ այցի ենք գացած պրն. Մօրուս Հասրաթեանին: Մտերմիկ եւ ջերմ այդ անմոռանալի մթնոլորտին մէջ, երբ մեր խօսակցութեան նիւթը կը շօշափէր հայ Ճեմարանն ու մանաւանդ Ն. Աղբալեան մեծ մտաւորականը, ան բաժակը  բարձրացնելով՝ առաջարկեց խմել մեր անմահանուն ուսուցչի կենացը, աւելցնելով՝ թէ, “ազգ մը Ն. Աղբալեան ունենալու համար պէտք ունի հարիւր տարուայ”:

Մեր սիրելի ուսուցչի մահուընէ ասդին անցեր են արդէն 67 երկար տարիներ: Ես յիշեցի դպրոցական կեանքէս առնուած երկու յուշեր միայն, ինչպէս նաեւ երկու վկայութիւններ, արտասանուած մեր երկու կարկառուն գրական մշակներու կողմէ: Ո՛վ գիտէ՝ մտքի թանկագին ի՜նչ գոհարներ են անհետ կորսուած՝ գրի չառնուելով իր ժամանակակից մտերիմներու եւ գրչի եղբայրներու կողմէ: Հազար ափսոս՜:

Վարդգէս Քերոբեան

Scroll Up