«Արի Տուն-2014» .Հրաժեշտ` վերադարձի ակնկալիքով

Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ օգոստոս 29-ին ազդարարուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն»-2014 թուականի ծրագիրի աւարտը: Յիշեցնենք, որ ծրագիրի վերջին` 8-րդ փուլին մասնակցելու եկած էին 45 պատանիներ եւ աղջիկներ աշխարհի 10 երկիրներէ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Արմէն Անդրէասեան. «Սիրելի՛ երեխաներ, ուրախ ենք, որ ցանկութիւն էք յայտնել գալ եւ տեսնել Հայաստանը, մենք միշտ սպասում ենք ձեզ, մեր դռները բաց են ձեր առջեւ: Համոզուած եմ` ծրագրի շրջանակներում անմոռաց օրեր էք անցկացրել, որոնք ողջ կեանքի ընթացքում յիշելու էք: Ձեզ եմ փոխանցում նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյներն ու ջերմ բարեմաղթանքները»:
Արիտունցիները հրաժեշտի գեղեցիկ ձեռնարկ մը պատրաստած էին, որն ալ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին հանդիսատեսի ուշադրութեան: Ձեռնարկը բացուեցաւ Հայաստանի օրհներգի կատարմամբ եւ «Հայր մեր» տէրունական աղօթքով: Անոնք հայրենասիրական տարբեր երգեր, բանաստեղծութիւններ կատարեցին, հանդէս եկան «Կովկասեան պար» -ով, ինչպէս նաեւ բեմական փոքրիկ ներկայացումներ ցուցադրեցին:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ հիւրընկալող ընտանիքներու ներկայացուցիչներէն ոմանք: Ազգային երգերու կատարումներով սփիւռքէն ժամանած պատանիներուն եւ աղջիկներուն ողջունելու եկած էին ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Մուրադ Մալխասեան եւ երգչուհի Քրիստինէ Շառոյեան:
«Հրաժեշտ` վերադարձի ակնկալիքով» հրաժեշտի խարոյկով աւարտեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն»-2014 թուականի ծրագիրը:
Գէւորգ Չիչեան, Ծաղկաձոր