§Արի Տուն» Ծրագիրի 6-րդ Փուլի Փակման Արարողութիւն

Օգոստոս 15-ին, ժ.19.00-ին Ծաղկաձորի §Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի պիտի ունենայ §Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ձեռնարկին պիտի  մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:

Աւանդական դարձած խարոյկին շուրջ հաւաքուած Սփիւռքի պատանիներուն ու աղջիկներուն  պիտի ողջունէ §Հայկազունք»  երաժշտական համոյթը` գուսան Հայկազունի ղեկավարութեամբ:

Արիտունցիները պիտի երգեն եւ պարեն հայկական պարեր, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց հետաքրքրող հարցերը ուղղելու ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն:

Լրագրողներուն տեղափոխող  հանրակառքը պիտի շարժի ժ.17:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շէնքին առջեւէն (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, §Էրեբունի պլազա» բ/կ):

Scroll Up