«Արի Տուն-2014». «Արեւի Երկիր Հայաստա՛ն…»

Յուլիս 21-ին մեկնարկած «Արի տուն-2014» ծրագիրի 5-րդ փուլի մասնակիցները յուլիս 23-ի առաւօտը սկսան հայոց լեզուի եւ հայրենագիտեւթեան հերթական դասընթացքով: Արիտունցիները կրկնեցին հայոց այբուբենը, կարդացին հայ գրողներու բանաստեղծութիւններէն, իրենց համար նոր ու կարեւոր գիտելիքներ ստացան:

Դասընթացքի աւարտէն ետք, ծրագիրին համաձայն, մասնակիցներն  ուղեւորուեցան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վիրթուալ քոլեջ եւ  Մատենադարան: Երեխաներն այստեղէն  գիտելիքներու իրենց բաժինը ստացան եւ ուղեւորուեցան Գառնիի հեթանոսական տաճար ու Գեղարդավանք: Գառնիի մէջ մասնակիցները ծանօթացան հայ հեթանոսական տաճարի պատմութեան, տեսան Գեղարդի վանքի հետաքրքիր ու խորհրդաւոր միակուռ քարերէն կերտուած, երկյարկանի տաճարներ ու կից եկեղեցւոյ մէջ  կազմուած  վանքային  խորհրդաւոր  ու  շքեղ համալիրը:

Ուղեւորութեան ընթացքին մասնակիցներէն  քանի մը հոգի պատմեցին մեզի իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

Մարգօ Կարոյեան, 18 տարեկան, ՌԴ, ք. Կազան

Հայաստան  եկած եմ Ռուսաստանի Կազան քաղաքէն: Վերջին անգամ Հայաստան եկած եմ, երբ 9 տարեկան էի: Շատ կը սիրեմ Հայաստանը եւ այստեղի հայերը: Ապշած եմ ու հիացած Գառնիի հեթանոսական տաճարի խորհրդաւոր գեղեցկութեամբ. կը զարմանամ, որ այն դարեր շարունակ կանգուն մնացած է: Շնորհակալ եմ «Արի տուն» ծրագիրի կազմակերպիչներուն, որ հնարաւորութիւն ունեցայ տեսնելու Հայրենիքիս գանձերը:

Ռեբեկան Ադամեան, 15 տարեկան  Ուքրանիա

Մինչեւ ծրագիրին մասնակցիլը` երկու անգամ եկած եմ Հայաստան եւ Հայրենիքիս մասին արդէն իրական պատկերացում ունէի: Ուքրանիոյ մէջ պարի դասերու  յաճախած եմ եւ ծրագիրին մասին պատմած է ինծի մեր պարային համոյթի ղեկավարը: Կը սիրեմ Հայրենիքս եւ անոր ամառնային բոլոր գոյները:

Ֆրիտա Արզումանեան, ՌԴ, Դոնի Ռոստով

Եկած եմ Հայաստան` զգալու Հայրենիքիս ամառնային տաք արեւի ջերմութիւնը, հայերէն ճիշդ խօսիլ սովորելու համար, ուսումնասիրելու հայ ինքնութեան պատմութիւնը, ծանօթանալու նոր մարդոց հետ: Ես նոյնպէս պարուհի եմ, Ռոստովի մէջ հայկական պարեր կը պարեմ: Ծրագիրին մասին լսած եմ  Հայաստանի մէջ, երբ համերգներու եկած էի եւ որոշեցի քոյրիկիս հետ մասնակցիլ հայրենաճանաչողական «Արի տուն» ծրագիրին:

Գայեանէ Ասատրեան, 18 տարեկանՌԴ , Լիպեցկի մարզ

Հայաստան շատ եկած եմ, բայց «Արի տուն» ծրագիրին կը մասնակցիմ առաջին անգամ: Լիպեցկի մէջ հայկական դպրոց կը յաճախեմ, ուր ալ լսած եմ «Արի տուն» ծրագիրին մասին: Եկած եմ Հայաստան` վայելելու հայկական արեւի ջերմութիւնը եւ ծանօթանալու, շփուելու տարբեր երկիրներէ եկած իմ հասակակիցներուն հետ: Անսահման շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Հայրենիքը ճանչնալու հրաշալի նախաձեռնութեան համար:

Տաթեւ Դաւթեան

Scroll Up